image

ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած յայտարարութիւնները որեւէ հիմք չունին. Հաճիզատէ

ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած յայտարարութիւնները որեւէ հիմք չունին. Հաճիզատէ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մարդու իրաւունքներու հարցերով Թոմ Լանթոսի յանձնաժողովին մէջ սեպտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած լսումներու ժամանակ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակի մասին հնչած պնդումները որեւէ հիմք չունին: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք նման յայտարարութիւնները»,-ըսած է Հաճիզատէն:

Ան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մարմինները մեղադրած է իբր թէ «աշխարհագրական անուանումներու միջազգային կանոնաւորման սկզբունքներու եւ ընթացակարգերու խախտման համար»:

Սեպտեմբեր 19-ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին մէջ լսումներ կայացած են՝ նուիրուած Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակին: Լսումներու ընթացքին փաստեր ներկայացուած են Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտման բազմաթիւ դէպքերու վերաբերեալ: