Ամերիկեան հետախուզութիւնը յունիսի կէսերուն արդէն տեղեկատվութիւն ստացած առ այն, որ «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինը Ռուսիոյ մէջ հնարաւոր զինուած ապստամբութիւն կը կազմակերպէ: Այս մասին գրած են The Washington Post (WP) եւ The New York Times (NYT) թերթերը՝ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները:
Ըստ The Washington Post-ի՝ Փրիկոժինի ծրագրերու մասին տեղեկատւութիւնը ամերիկեան հետախուզութիւնը ստացած է յունիսի կէսերուն, New York Times-ն պնդած է, որ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւնները ճշգրիտ տուեալներ ստացած են 21 յունիսին։
«Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը բաւականաչափ ազդանշաններ ունէր Փրիկոժինի հնարաւոր գործողութիւններու մասին, որ կարենար ղեկավարութեան տեղեկացնել, որ ինչ-որ բան կը կատարուի», -ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան The Washington Post-ին:
New York Times-ը, յղում ընելով իր բարձրաստիճան զրուցակիցներէն մէկուն, յայտնած է, որ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին «մեծ մտահոգութիւն» եղած է, թէ ինչ կրնայ տեղի ունենալ Ռուսիոյ մէջ, քանի որ «որեւէ անկայունութիւն կ'ազդէ ռուսական միջուկային զինանոցի վերահսկողութեան վրայ»։
Ըստ New York Times-ի՝ ի տարբերութիւն 2021-ի վերջը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, երբ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը գաղտնազերծեց Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութեան Ռուսիոյ նախապատրաստութեան մասին տեղեկատւութիւնը, այժմ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները գիտակցաբար որոշած են այդպէս չընել:Ամերիկացի պաշտօնեաները նշած են, որ կ'ենթադրէին, որ նման տեղեկատւութիւնը կրնար Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին հիմք տալ՝ մեղադրելու Արեւմուտքը պետական յեղաշրջում կազմակերպելու համար։ Բացի այդ, ամերիկեան իշխանութիւնները շահագրգռուած չէին օգնել Ռուսիոյ նախագահին խուսափիլ «Վակներ»-ի «լուրջ» հարուածէն։
Ըստ CNN-ի սեփական աղբիւրներու՝ հետախուզութիւնը շաբթուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին զեկուցած է «Վակներ»-ի տեղաշարժերու մասին եւ քոնկրեսականներուն մանրամասն տեղեկութիւններ տրամադրած սահմանին մասնաւոր ռազմական ընկերութեան ուժերու կուտակման մասին:
23 Յունիսի երեկոյեան «Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինը սկսած է «արդարութեան երթ» դէպի Մոսկուա Մ-4 Տոն մայրուղիով։ «Վակներ»-ի մարտիկներն ու ռազմական սարքերը մտած են Տոնի Ռոսթով, Վորոնէժ եւ Լիփեցքի մարզի տարածք։
24 Յունիսի գիշերը «Վակներ»-ի մարտիկները գրաւած են Տոնի Ռոսթով գտնուող Հարաւային ռազմական շրջանի շտաբը։ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Պութին վակներականներու գործողութիւններն անուանած է «յանցաւոր արկածախնդրութիւն», իսկ Փրիկոժինի դէմ քրէական գործ յարուցուած է զինուած ապստամբութիւն կազմակերպելու համար։
Աւելի ուշ Պելառուսիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն բանակցութիւններ վարած է Փրիկոժինի հետ, եւ ան ընդունած է անոր առաջարկը՝ դադրեցնելու «Վակներ»-ի շարժումը Ռուսիոյ մէջ եւ հետագայ քայլեր ձեռնարկելու ապամագլցումի համար։
Երեկոյեան Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովն ըսած է, որ «Վակներ»-ի ղեկավարը պիտի երթայ Պելառուսիա, իսկ քրէական գործը պիտի կարճուի։ Երաշխիք, որ Փրիկոժինը պիտի կարենայ այդ ընել, Ռուսիոյ նախագահի խօսքն է, աւելցուցած է Փեսքով: