Օրերս ամերիկահայութիւնը է 200 հազար ամերիկեան տոլար հանգանակած է Լիբանանի համար։
Այս մասին կը կարդանք «Ասպարէզ» օրաթերթէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է, թէ անսալով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին եւ յորդորին՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան (ՀՄՀ – ACF – Armenian Cultural Foundation) յառաջացուցած Լիբանանահայութեան Օժանդակ Մարմինին կազմակերպութեամբ, հանգանակութեան ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 202-1ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, եւ որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ առաւել քան 200.000 տոլար:
Հանգանակութեան նպատակն էր՝ անմիջական օժանդակութիւն հասցնել լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Ինչպէս բոլոր ազգային տագնապներուն պարագային, Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքի զաւակները եւ բարերարները, նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի կոմիտէութիւնները, որոնք իրենց կարգին այս նպատակին համար կազմակերպած էին զանազան հանգանակային ձեռնարկներ, հաւատարիմ մնալով «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» նշանաբանին՝ անգամ մը եւս իրականացուցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը։