Վիրճինիոյ նահանգի ծերակուտականը նամակ գրած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին: Այս մասին լուրը տրուած է «Ալ Մայատին» կայանին կողմէ, որն իր կարգին լրատուութիւնը վերցուցած է Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնական էջէն: Նամակին մէջ, Սէնաթըր Ռիչարտ Պլէք ցաւ յայտնած է Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին համար ըսելով, որ այսօր բոլորին համար պարզ դարձած է, որ Սուրիոյ պատերազմը ներքին տուեալներու վրայ եղած պատերազմ մը չէր, այլ հրահրուած էր արտաքին ուժերու կողմէ: Ծերակուտականը դժգոհութիւն յայտնած է իր երկրի կառավարութեան ընդհանուր կեցուածքներուն համար կապուած ՝ Սուրիոյ տագնապին նկատել տալով, որ այսօր Միացեալ Նահանգներ իր դաշնակիցներուն ՝ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ զօրավիգ կը կանգնի ահաբեկիչներուն: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ իր երկիրը հակազդելով Ռուսիոյ` Սուրիոյ մէջ ունեցած զինուորական միջամտութեան հակազդած է «Թաու» տիպի արդիական հրթիռներ տրամադրելով ահաբեկիչներուն: