image

Իսրայէլ կ՚աջակցի Թրամփի որոշումին 

Իսրայէլ կ՚աջակցի Թրամփի որոշումին 

Իսրայէլ կ՚աջակցի ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Իրանին ուղղուած հարուածները երկու շաբաթով դադրեցնելու որոշման։ Այս մասին կ՚ըսուի Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակի տարածած յայտարարութեան մէջ։

Աւելի վաղ Թրամփը յայտարարած էր Իրանին հարուածները երկու շաբաթով դադրեցնելու համաձայնութեան մասին եւ վստահեցուցած, որ հրադադարը երկկողմանի պիտի ըլլայ։

Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարած է, թէ Թեհրան ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններ պիտի սկսի Ապրիլ 10-ին Իսլամապատի մէջ (Փաքիստան)։

«Իսրայէլը կը պաշտպանէ նախագահ Թրամփի որոշումը՝ Իրանին հարուածները երկու շաբաթով դադրեցնելու մասին, պայմանաւ, որ Իրան անմիջապէս պիտի բանայ նեղուցները եւ պիտի դադրեցնէ բոլոր յարձակումները ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ տարածաշրջանի երկիրներու ուղղութեամբ»,– Times of Israel-ի հաղորդմամբ՝ կ՚ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Նաեւ նշուած է, որ Իսրայէլը կը սատարէ ԱՄՆ-ի այն քայլերուն, որոնք ուղղուած են ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու համար «միջուկային, հրթիռային եւ ահաբեկչական» սպառնալիքին կասեցման, որ իբրեւ թէ կու գայ Իրանէն։

 

«Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին վստահեցուցած է, որ առաջիկայ բանակցութիւններու ընթացքին հաւատարիմ պիտի մնայ այս նպատակներուն հասնելուն, որոնք ընդհանուր են ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի դաշնակիցներուն համար»,– յայտնած է Նաթանիահուի գրասենեակը։