ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ համաձայնած է Իրանի հետ երկշաբաթեայ զինադադար հաստատել՝ աւելցնելով, որ Թեհրանն ալ նոյն կերպ պիտի վարուի։
«Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆի եւ ֆելտմարշալ Ասիմ Մունիրի հետ զրոյցներու արդիւնքներով… ես համաձայն եմ երկու շաբաթով դադրեցնել Իրանի վրայ ռմբակոծութիւններն ու յարձակումները։ Ասիկա պիտի ըլլայ երկկողմանի զինադադար»,– գրած է Թրամփը Truth Social ընկերային ցանցին մէջ։
ԱՄՆ նախագահի յայտարարութենէն այլ կէտեր․
Աւելի վաղ, Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆը յայտնած էր, որ Թրամփէն խնդրած է երկու շաբաթով երկարաձգել Իրանի հետ ԱՄՆ-ի համաձայնագրի կնքման ժամկէտը։ Ան նաեւ խնդրած է Իրանէն՝ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, երկու շաբաթով բանալ Հորմուզի նեղուցը։
Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարոլայն Լեւիթը յայտարարած է, որ Թրամփը ծանօթացած է Փաքիստանի առաջարկին։
Իսրայէլ իր հերթին համաձայնած է միանալ երկշաբաթեայ հրադադարին, կը հաղորդէ CNN-ը՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։
«Իսրայէլը երկշաբաթեայ հրադադարի մէկ մասն է, որուն մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Իրանին ուղղուած իր վերջնագրէն ընդամէնը մէկուկէս ժամ առաջ՝ կամ վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը, կամ բախիլ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն ուղղուած ուժգին ռազմական հարուածներու։ Իսրայէլը նաեւ համաձայնած է դադրեցնել իր ռմբակոծման արշաւը բանակցութիւններու ընթացքին»,– ըսած է պաշտօնեան