«Ամէն Գնով Ոտքի Պիտի Հանենք «Քէմփ Արմէն»ը,- «Արեւելք»ին յայտնեց Պոլսոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Պատուելի Գրիգոր Աղապաղօղլու: «Արեւելք»ի այն հարցին, թէ ինչքանո՞վ ճիշդ են հայրենի կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն շշուկները, որ հայ Աւետարանական համայնքը Պոլսոյ մէջ ճնշումներու եւ հալածանքի կ'ենթարկուի, պատուելին պատասխանեց. «Ոչ, այդ լուրերը սխալ են, փառք տիրոջ հանգիստ ենք, այդպիսի բան մը չկայ, Աստուծոյ շնորհքով ոտքի վրայ ենք եւ մեր գործերը կը շարունակենք»: Պատուելին ենթադրեց, որ նման լուրերու աղբիւր տուողը կրնայ սխալ հասկացողութեան պատճառով կապուած ըլլայ ամիսներ առաջ Աւետարանական համայնքին պատկանող եւ Պոլսոյ Թուլզա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմփ Արմէն»ի տարածքի համայնքին վերադարձուելու տեղեկութիւններուն հետ: Ան մանրամասնելով, բացատրեց, որ Թուրքիոյ վարչապետի խոստումով, տարիներ առաջ հայ համայնքէն առնուած «Քէմփ Արմէն»ի մէկ մասը վերջապէս պիտի վերադարձուէր հայերուն, սակայն այդ խոստումի գործադրումը ուշացաւ, ինչն ալ պատճառ դարձաւ, որ պոլսահայ երիտասարդութիւնը, ոտքի ելլելով բողոքի ձայն բարձրացնէր, սակայն ասկէ ամիս մը առաջ վարչապետի խոստումը կատարուեցաւ, եւ համայնքին վերադարձուեցաւ «Քէմփ»ին մէկ մասը: «Արեւելք»ի այն հարցին, թէ ի՞նչ ծրագիրներ կը նախատեսուին վերատիրացուած «Քէմփ Արմէն»ի կապակցութեամբ, մեր զրուցակիցը մեկնաբանեց, որ «Քէմփ Արմէն»ի վերակառուցման ծրագիրներ կան, սակայն կախեալ վիճակի մէջ են, որովհետեւ տակաւին առաջարկ պիտի ներկայացուի վարչապետին, որ կալուածը իր ամբողջ հողատարածքով տրամադրուի հայերուն: Ան մանրամասնեց, ըսելով «Հայերէն գրաւուած «Քէմփ»ի ամբողջ տարածքը 8600 մեթր կը կազմէր, մինչ հիմա մեզի վերադարձուեցաւ միայն 4800 մեթր, իսկ 3700 մէթրը մնաց Թուզլայի քաղաքապետարանին»: Պատուելին շարունակելով ըսաւ. «Թէեւ քաղաքապետարանը մեզ ուզեց հանգստացնել, թէ քաղաքապետարանի սեփականութիւնը մնացած 3700 մեթր տարածքը քաղաքի պլանին մէջ նախատեսուած է որպէս պահպանուելիք տարածք եւ ոչ ոք կրնայ այդ տարածքը օգտագործել, եւ իրենք մտադիր են հայ համայնքին զայն ազատօրէն օգտագործելու իրաւունք տալ, սակայն մենք ամբողջական տարածքին վերատիրացման պահանջք բարձրացուցինք»: Ան բացատրեց, որ քաղաքապետարանն ալ իր հերթին, ըսած է, որ եթէ վարչապետը յանձնարարէ մնացեալ բաժինի նուիրաբերումը, իրենք սիրով կը գործադրեն որոշումը: Պատուելին նշեց, որ վերոնշեալ պատճառներով է, որ համայնքը «Քէմփ»ի վերանորոգման գործին ձեռնարկելու վերաբերեալ կը գտնուի սպասողական վիճակի մը մէջ, նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ ընտրութիւնները դեռ նոր իրականացան, եւ միայն Տաւուտօղլուի վարչապետ նշանակուելէն ետք է, որ համայնքի ներկայացուցչները պիտի ներկայանան անոր, իրենց պահանջքի իրականացման նպատակով: Ան նշեց, որ համայնքը միաժամանակ քաղաքապետարանի հետ բանակցութիւններու մէջ է, որպէսզի վերակառուցման աշխատանքներու մեկնարկման դրութիւն տրուի, եւ շուտով «Քէմփ»ը նորոգուի եւ յանձնուի համայնքի օգտագործման, որպէսզի երիտասարդներու եւ ընտանիքներու կողմէ օգտագործուի որպէս ժամանցի վայր, «ճարտարապետներուն հետ քննարկումներ կ'ըլլան արդէն, թէ ինչ տեսակի բան մը կրնանք ընել, կ'ուզենք ամենալաւագոյնը կառուցել, անսալով ազգասէր նուիրեալ եղբայրներու նեցուկին, որպէսզի շուտով «Քէմփ Արմէնը» ոտքի հանենք» աւելցուց ան: