image

«Քամբ Արմէն»ը դարձեալ օրակարգի վրայ. Վեր. Աղապալօղլու այցելեց Պոլսոյ Պատրիարքարան

  «Քամբ Արմէն»ը դարձեալ օրակարգի վրայ. Վեր. Աղապալօղլու այցելեց Պոլսոյ Պատրիարքարան

 Պոլսոյ մէջ յառաջիկայ շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ հաւաք մը, ուր ազդանշանը պիտի տրուի  «Քամբ Արմէն» հայկական կեդրոնի վերաշինութեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Պոլսէն։

Կը նշուի նաեւ, որ այս առթիւ եւ Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը սոյն հանդիպման հրաւիրելու նպատակով օրերս Գում Գաբուի Պատրիարքարան այցելած է Թուրքիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մեծաւոր Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն։

Ստորեւ այդ մասին Պատրիարքարանին կողմէ եղած լրատւութիւնը։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Հոկտեմբեր 2023, Հինգշաբթի, պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի այցելութիւնը։

Վերապ. Գրիգոր Աղապալօղլու յայտնեց թէ եկած էր Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու ուրախառիթ հանդիսութեան մը. ի մօտոյ պիտի սկսէր Թուզլայի Քամբ Արմէնի վերաշինութիւնը։ Այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 Նոյեմբեր 2023, Շաբաթ օր, որուն համար Վերապատուելին եւ Հայ Աւետարանական համայնքը կու գար հրաւիրել մեր Հոգեւոր Պետը։

Պատրիարք Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան եւ հրաւէրին համար, յայտնելով, թէ Քամբ Արմէնը դարձած էր Ստանպուլահայ պատմութեան մէկ մասը եւ տեղին կը գտնէր զայն վերակենդանացնելու անհրաժեշտութիւնը։