Ամանորի գիշերը Ախալքալաքի մէջ սպաննութիւն տեղի ունեցած է։
Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղի բնակիչ Ա. Կարապետեանը յայտնած է, որ բանավէճ տեղի ունեցած է, որուն յաջորդած է կրակոցը:
«Հարեւան Սաթխա գիւղի 33֊ամեայ երիտասարդ սպաննուած է. վիրաւորուած է, տեղափոխած են հիւանդանոց, սակայն կեանքը փրկել չեն յաջողած»,- ըսած է Կարապետեանը։
Հարցին՝ յայտնի է, թէ ինչ է սպանութեան պատճառը կամ կայ կասկածեալ, թէ ոչ, Կարապետեանը յայտնած է.
«Իմ տեղեկութիւններով՝ կայ, ոստիկանութիւնն այս պահուն գիւղն է, կը սպասենք պաշտօնական տեղեկութիւններ»,-ըսած է Կարապետեանը։
Ան յայտնած է, որ ենթադրաբար բանավէճի պատճառը, որուն յաջորդած է սպանութիւնը, նախապէս ունեցած հարցերը եղած են։