Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է տեղի երիտասարդութեան հետ։
Եղելութեան մասին լուր քաղեցինք «Կիլիկիա» հարթակէն եւ ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ներկայացուցած լրատւութիւնը՝
«Նոյն թելադրութիւնը յատուկ շեշտաւորումով կը կատարեմ, երբ մեր համայնքներու պատասխանատուներուն ու երիտասարդներուն հետ հանդիպումներ կ՚ունենամ հովուապետական այցելութիւններուս ընթացքին: Նոյն թելադրութիւնը կը կատարեմ, որովհետեւ կը զգամ ու կը տեսնեմ, որ տակաւին մեր երիտասարդութեան անհրաժեշտ տեղ ու դեր չէ տրուած մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Անոր կարիքը հրամայական է, յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ: Մեր երիտասարդները կոչուած են իրենց ունեցած մասնագիտութեամբ եւ ներկայ աշխարհը դիտելու իւրայատկութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերելու մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներու կեանքին ու գործունէութեան», շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի ազգային առաջնորդարանին կազմակերպած երիտասարդական հաւաքին, Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ին։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց շարք մը հարցումներու՝ առաւելաբար Ամերիկայի հայ կեանքին հետ աղերս ունեցող։
Յայտնենք, որ յիշեալ հաւաքը տեղի ունեցաւ Մանհաթընի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ Հաւաքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լաքիսեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Արմէն Մորեան, իսկ հանդիպումը վարեց թեմի ազգային վարչութեան ատենադպիր Թամար Գանարեան։ Նաեւ նշենք, որ յիշեալ հանդպիման ընթացքի իրականացաւ ամփոփ մշակութային յայտագիր մը։



