image

Ալիեւն անհանգիստ կը դառնայ, երբ հայ պատասխանատուներ Մինսքեան խումբին մասին կը խօսին

Ալիեւն  անհանգիստ կը դառնայ, երբ հայ պատասխանատուներ Մինսքեան խումբին մասին կը խօսին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հաճելի չէ, երբ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը խօսին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մասին, որ ստեղծուած է «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներուն բռնագրաւումը յաւերժացնելու համար», կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Միջնորդներու մասով կ'ուզեմ նշել, որ, ցաւօք, հիմա ալ Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը խօսին Մինսքի խումբի մասին: Կը կարծեմ, որ զուր է եւ իմաստ չունի: Մինսքի խումբը փաստացի կաթուածահար եղած է 2019-ին: Եթէ հիմա նայիք այդ խումբի առաջարկներու պատմութեան, ապա եւս մէկ անգամ պիտի տեսնէք, որ այն ստեղծուած է ոչ թէ այս խնդիրը լուծելու, այլ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումը յաւերժացնելու համար», ըսած է Ալիեւ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ` ելոյթ ունենալով Աշխարհի ատրպէյճանցիներու 5-րդ համագումարին:

Անոր խօսքով` Մինսքի խումբը «գործնականին մէջ որեւէ արդիւնքի չէ հասած»: «Ինծի յաճախ կը հարցնեն, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին հետ: Ես ըսած եմ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը 2022 թուականին պիտի նշէ իր 30-ամեակը, իսկ յետոյ թոշակի կ'անցնի: Բայց ռուս-ուքրաինական պատերազմը սկսելէն յետոյ անոնք նոյնիսկ յոբելեանը նշելու հնարաւորութիւն չունին», յաւելած է Ալիեւ: