Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հաճելի չէ, երբ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը խօսին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մասին, որ ստեղծուած է «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներուն բռնագրաւումը յաւերժացնելու համար», կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Միջնորդներու մասով կ'ուզեմ նշել, որ, ցաւօք, հիմա ալ Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը խօսին Մինսքի խումբի մասին: Կը կարծեմ, որ զուր է եւ իմաստ չունի: Մինսքի խումբը փաստացի կաթուածահար եղած է 2019-ին: Եթէ հիմա նայիք այդ խումբի առաջարկներու պատմութեան, ապա եւս մէկ անգամ պիտի տեսնէք, որ այն ստեղծուած է ոչ թէ այս խնդիրը լուծելու, այլ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումը յաւերժացնելու համար», ըսած է Ալիեւ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ` ելոյթ ունենալով Աշխարհի ատրպէյճանցիներու 5-րդ համագումարին:
Անոր խօսքով` Մինսքի խումբը «գործնականին մէջ որեւէ արդիւնքի չէ հասած»: «Ինծի յաճախ կը հարցնեն, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին հետ: Ես ըսած եմ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը 2022 թուականին պիտի նշէ իր 30-ամեակը, իսկ յետոյ թոշակի կ'անցնի: Բայց ռուս-ուքրաինական պատերազմը սկսելէն յետոյ անոնք նոյնիսկ յոբելեանը նշելու հնարաւորութիւն չունին», յաւելած է Ալիեւ: