ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական ու արդար միջազգային կարգի խթանման հարցերով խորհուրդի նախկին փորձագէտ Ալֆրետ տէ Զայասը դատապարտած է Ատրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:
«Եթէ «Պաշտպանութեան պատասխանատւութիւն» (R2P) տոքթրինը (վարդապետութիւն) ինչ-որ բան կը նշանակէ, ապա այդ կը վերաբերի 2020 թուականէն սկսած՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, որ աւելի յայտնի է որպէս Լեռնային Ղարաբաղ, տեղի ունեցող ողբերգութեան։
Տոքթրինը, որ միջազգային իրաւունքի նոր չափանիշ է, ներդրուած է ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ՝ 2005-ին: Այն բաղկացած է քանի մը սկզբունքէ, որոնք միաւորուած են «ինքնիշխանութիւնը արտօնութիւն չէ, այլ պարտաւորութիւն է պաշտպանելու մարդոց, որոնք կ'ապրին տուեալ պետութեան սահմաններուն մէջ» գաղափարով:
2020 թուականին Ատրպէյճանի անօրինական յարձակումը, որն կ'ուղեկցուէր պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններով, հայերու դէմ Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։ Այս գործը պէտք է պատշաճ կերպով հետաքննէ Հաագայի Միջազգային քրէական դատարանը՝ համաձայն Հռոմի կարգավիճակի 5-րդ, 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ յօդուածներու:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին պէտք է մեղադրանք առաջադրել եւ պատասխանատւութեան ենթարկել։ Նման յանցագործութիւնները չեն կրնար անպատիժ մնալ»,- յայտարարած է փորձագէտը։