image

Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաքիստանին՝ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ աջակցութեան համար

Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաքիստանին՝ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ աջակցութեան համար

Ատրպէյճանի նախագահը պաշտօնական այցով Փաքիստան է: Անոր ընդունած է այդ երկրի վարչապետը:

Իսլամապատի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Փաքիստանի վարչապետ Մուհամմատ Շահպազ Շարիֆը հանդէս եկած են յայտարարութիւններով:

Ալիեւ յայտնած է, որ երկու երկիրները կ՚աջակցին իրար բոլոր հարցերով, այդ շարքին՝ Ճամմու եւ Քաշմիրի հարցով եւ կը գործակցին բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ։ Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաքիստանի ղեկավարութեան 44-օրեայ պատերազմին աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ Փաքիստանը Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չէ հաստատած։

«2020 թուականի նոյեմբերի յաղթական տօնակատարութիւններու ժամանակ մեր ժողովուրդը ձեռքին ունեցած է Ատրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ դրօշները»,- շեշտած է Ալիեւ։

Ան յայտնած է, որ Փաքիստանի վարչապետի հետ արդէն քննարկած է քանի մը նախագիծեր ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու, կապի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։

Շարիֆն իր հերթին Ալիեւի հետ հանդիպումը «արդիւնաւէտ» որակած է։ Ան վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանի դիրքորոշման Իսլամապատի աջակցութիւնը։

Պաշտօնեան նշած է, որ Ալիեւի հետ պայմանաւորուած են ընդլայնել երկկողմ առեւտուրը, որ «100 միլիոն տոլարէն պակաս է եւ չարտացոլեր երկու երկիրներու բարեկամութեան եւ եղբայրութեան ուժը»։ Շարիֆ տեղեկացուցած է նաեւ փոխշահաւէտ նախագիծերու մէջ 2 միլիառ տոլարի նախնական ներդրում կատարելու վերաբերեալ քննարկումներու մասին։