Ղարաբաղն Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալէն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւններէն յետոյ՝ Ատրպէյճանի տարածքի յստակ թիւեր նշելով, խաղաղութեան պայմանագիրի այլ կէտերու շուրջ համաձայութեան գալն աւելի հեշտ կ'ընթանայ։
Այս մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ։
«Որովհետեւ այդ հիմնական գործօնն էր, որու շուրջ մենք չէինք կրնար համաձայնութեան գալ»,- ըսած է Ալիեւ, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: