image

Ալիեւ. «Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները պիտի պաշտպանուին»

Ալիեւ. «Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները պիտի  պաշտպանուին»

Ատրպէյճանը պիտի ապահովէ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, մասնաւորապէս՝ Կովսական կատարած այցի ժամանակ:

«Մենք պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանուին: Մենք արդէն Ղարաբաղի հայ համայնքին ներկայացուցած ենք վերահամարկման մեր տեսլականը, որ կը ներառէ անոնց կրօնական, կրթական, մշակութային, քաղաքային եւ այլ իրաւունքներու յարգումը, որ արտացոլուած է միջազգային համաձայնագրերու մէջ,  որոնք Ատրպէյճանը ստորագրած է իր Սահմանադրութեան եւ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան», -ըսած է Ալիեւ:

Նշենք, որ Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանուածներու թիւը գերազանցած է 91,000-ը: