Պրիւքսէլան հարթակի հիման վրայ ընդունուած յայտարարութիւնները հիմք կը հանդիսանան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ հանդիպման ժամանակ։
«ԱՊԱ»-ի հաղորդմամբ՝ Ալիեւ ըսած է, որ «խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նախաձեռնողը Ատրպէյճանն է, եւ այդ նպատակով Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քաշուած են 5 սկզբունքներ»։ Անոր խօսքով՝ այժմ կողմերու միջեւ կը շարունակուին շփումները խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման շուրջ։
Ան անգամ մը եւս յայտնած է Ատրպէյճանի հաւատարմութիւնը Շառլ Միշելի նախաձեռնութեամբ սկսած Պրիւքսէլեան օրակարգին։
Օգտուելով առիթէն՝ Ալիեւ անգամ մը եւս հնչեցուցած է Լաչինի միջանցքին ատրպէյճանական անցակէտ տեղադրելու անօրինական պահանջը։