Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չէ ընդունած Պելճիքայի Թագաւորութեան արտաքին գործերու, եւրոպական հարցերու եւ արտաքին առեւտուրի, դաշնային մշակութային հաստատութիւններու նախարար Հաճա Լահպիպին վերջինիս «հայամէտ դիրքորոշման» համար։
Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Տարածաշրջան իր այցի շրջածիրէն ներս Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը 24 օգոստոսին ժամանած է Ատրպէյճան։ Աւանդոյթի համաձայն՝ Ալիեւ կ'ընդունի Պաքու ժամանած օտարերկրեայ պետութիւններու Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները, սակայն Հաճա Լահպիպի հայամէտ դիրքորոշման համար ան որոշած է չընդունել անոր։
Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան՝ «Հայաստան կատարած իր այցի ժամանակ Լահպիպը յայտարարութիւններ ըրած է, որոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան»։
Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան այցելած էր 22 օգոստոսին։ Այցի շրջածիրէն ներս ան առանձնազրոյց ունեցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, որմէ ետք կայացած է նախարարներու համատեղ մամուլի ասուլիսը։ Բացի այդ, Պելճիքայի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ՀՀ վարչապետի եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի հետ։