Սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրատարակած է Թուրքիոյ կողմէ Ալեքսանտրէթի սանճաքի գրաւման 76-ամեակին նուիրուած, ուր նշած է, թէ այն Սուրիոյ 15-րդ նահանգն է:
«Ալեքսանտրէթի սանճաքը Սուրիոյ 15-րդ նահանգն է, որ արեւմտեան թշնամին 1939 թուականին խլելով, որպէս թանկարժէք նուէր յանձնեց Աթաթուրքեան Թուրքիոյ»,- նշած է յօդուածագիրը, միաժամանակ անդրադառնալով սուրիական հողի գրաւման յիշատակի ժամկէտին, որ կը զուգադիպի Արեւմուտքի կողմէ օժանդակուող ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերջին հանգրուանին հետ:
Հակառակ անոր, որ երկրի դիւանագէտներու կողմէ ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն կը կատարուի Ալեքսանտրէթի մասին, սակայն վերջին տարիներուն անոր շուրջ գրուած յօդուածներն ու լրատուամիջոցներու մշտական անդրադարձը կ'ապացուցէ այն, որ ընդդիմութեան կողմէ տարածուած լուրերը, թէ Սուրիա հրաժարած է Ալեքսանտրէթի սանկաքէն, իրականութեան չեն համապատասխաներ: