image

Միացեալ Նահանգները մտադիր չէ մեծցնել իր ռազմական ներկայութիւնն աշխարհի ոչ մէկ կէտի մէջ

Միացեալ Նահանգները մտադիր չէ մեծցնել իր ռազմական ներկայութիւնն աշխարհի ոչ մէկ կէտի մէջ

Միացեալ Նահանգները մտադիր չէ մեծցնել իր ռազմական ներկայութիւնն աշխարհի ոչ մէկ կէտի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան եւ Սուրիոյ հարցով ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքը Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին:

«Մենք այլեւս զօրքեր պիտի չմտցնենք որեւէ տեղ՝ թշնամական մտադրութիւններով», -ըսած է Պարաքը:

Ան նաեւ նշած է, որ երբ հարցը կը վերաբերի Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հակամարտութեան, ապա ԱՄՆ-ն չի կրնար Իսրայէլին ստիպել որեւէ բան ընել:

«ԱՄՆ-ի գործը չէ փորձել Իսրայէլին հարկադրել որեւէ բան ընել.... Ամերիկան կրնայ միայն ազդեցութիւն գործել», - նշած է պաշտօնեան։

ԱՄՆ յատուկ բանագնացը Լիբանան ժամանած է յուլիս 20-ին՝ տեղեկանալու Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ հրադադարի պահպանման մասին: Երկու շաբթուան ընթացքին սա Պարաքի արդէն երկրորդ այցն է Լիբանան: