image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Սահմանադրութիւն եւ ԵԱՀԿ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Սահմանադրութիւն եւ ԵԱՀԿ

Ազրպէյճանի նախագահը իրերայաջորդ երկու յայտարարութիւններ կատարած է` ուղերձ յղելով Երեւանին: Առաջինը այն է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անկարելի է:

Ի դէպ, հայկական կողմը կը յայտնէր, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարց չի քննարկուիր խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերու շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին: Անուղղակի պատասխանելով այս հրապարակումին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէր, որ ճիշդ չէ, որ Հայաստանը Ազրպէյճանի սահմանադրութեան որոշ դրոյթներու փոփոխութիւն պահանջէ, մեր համանման պահանջին դիմաց:

Հիմա այս ձեւով  Պաքուն կը բացարձակացնէ այդ պահանջը` ընդգծելով, որ առանց սահմանադրական փոփոխութեան խաղաղութեան հասնիլը անկարելի է:

Դժուար բացատրելի կը դառնան հետեւաբար այն «լաւատեսական» յայտարարութիւնները, որոնք խաղաղութեան համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին կը խօսին: Երեւանը, արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով պատրաստակամութիւն կը յայտնէր Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին ամբողջացնելու եւ ստորագրելու:

Ազրպէյճանի նախագահին այս բացարձակ մօտեցումէն ետք խիստ տարակուսելի կը դառնայ Երեւանի պատրաստակամութեան առարկայացումը: Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին հարցն է եւ թէ Ազրպէյճանի նախագահին նման յայտարարութիւնը կասկածի տակ կ՛առնէ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը:

Անցնինք երկրորդ միաժամանակ կատարուած յայտարարութեան: Յանկերգը կը կրկնուի: Այս անգամ սակայն որոշ փակագիծեր կը բացուին: Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ Պաքուն կը պահանջէ չեղեալ նկատել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Ասիկա միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միջնորդական այն խումբն է, որուն գործառոյթը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումն է: Այստեղ երկու երանգային նորութիւն կայ: Ազրպէյճանը նախապէս ակնարկութիւն կատարած էր, որ Երեւանն ալ համաձայն ըլլայ այս պահանջին: Հիմա կոչը այն է, որ համատեղ կողմերը դիմեն, որպէսզի լուծարուի Մինսքի խմբակը:

Ազրպէյճանական դժգոհութիւնները միջազգային այս խմբակին նկատմամբ ամէն առիթի կը դրսեւորուէին: Յայտարարուածը այն էր, որ այս խմբակը արդիւնաւէտ չ՛աշխատիր, կը ձգձգէ գործընթացը եւ կը սառեցնէ հակամարտութիւնը: Կ՛առարկուէր նաեւ, որ հակամարտութիւնը կ՛օգտագործէ տարածաշրջանին մէջ ազդեցութեան գօտի ստեղծելու նպատակով: Հետզհետէ այդ յայտարարութիւնները կը սլաքաւորուէին դէպի Ուաշինկթընն ու Ֆրանսան:

Այս յայտարարութիւններուն առընթեր, այս անգամ Մոսկուայի ներկայացուցիչը կը յայտարարէր, որ եւրոպացի դիտորդները կ՛աշխատին հարուածել Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի շահերը: Այստեղ շահերու հաւասարեցումը կ՛ընդգծուէր երեք պետութիւններու համար: Իրանն ու Ռուսիան տարբեր առիթներու նոյն գիծին վրայ ներկայացուած էին թէ՛ իրանեան եւ թէ՛ ռուսական պետական շրջանակներու կողմէ: Նորութիւնը այս պարագային Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանի համալրումն է:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը վերացնելու համար Երեւանին ուղղուած կոչը նոր հիմնաւորում ունի: Ձգձգումին, սառեցումին եւ խուսանաւումներուն վրայ կար լուռ պատճառ մը. ԵԱՀԿ-ի հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնադրոյթներէն էր ինքնորոշման իրաւունքը, որ բնականաբար ուղղակի հակադրուած էր Ազրպէյճանի մօտեցումներուն: Հիմա Ալիեւը աւելի եւս կը բանայ փակագիծը: Ալիեւի խօսքով` եթէ Հայաստանը նախընտրէ Մինսքի խմբակին պահպանումը, ապա այդ կը նշանակէ, որ անոր տարածքային պահանջները` Ազրպէյճանի նկատմամբ, կը շարունակուին:

Առաջին անգամն է, որ Մինսքի խմբակի պահպանման մէջ Ազրպէյճանը տարածքային ամբողջականութեան ընդունման խնդիր կը տեսնէ եւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջին նման Երեւանէն կը պահանջէ միասին դիմել, որպէսզի լուծարուի Մինսքի խմբակը:

ԵԱՀԿ-ը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ճանչցած էր 1994-ի հրադադարով սահմանուած իրողական սահմանը: Այդ սահմանի կամ միջազգայնօրէն ընդունուած շփման գիծի շրջանցում է այսօր սահմանազատման համար խորհրդային օրերու քարտէսներուն օգտագործումը:

Երեւանը այս առարկութիւնը կամ այլընտրանքային սահմանային մեկնակէտը անուշադրութեան մատնած է եւ ընդառաջ գացած Ազրպէյճանի թելադրած սահմանազատման կանոններուն:

Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ, որ ԵԱՀԿ-ին յղում կատարելը Երեւանին կողմէ հրամայական էր եւ կը շարունակէ մնալ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը համազօր է միջազգային ընտանիքին կողմէ արցախեան հակամարտութեան լուծուած ըլլալուն:

ԵԱՀԿ-ի ինքնորոշման հիմնադրոյթին հիման վրայ պէտք է կառուցել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը: Ժողովուրդ, որ ենթարկուեցաւ ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ որ ցեղասպանական վտանգի չէզոքացման համար միջնորդական նոր երաշխիքներու պէտք ունի: Երաշխաւորման այդ գործիքակազմի ամէնէն հաւանական ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ին կապուած կառոյցը կրնայ ըլլալ:

Ահա թէ ո՛ւր կը տեսնէ Ալիեւը ԵԱՀԿ-ի հովանաւորած կառոյցներու վերագործարկման վտանգը եւ կը պահանջէ լուծարել Մինսքի խմբակը: Պատահական չէ, որ թէ՛ Սահմանադրութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ին մէջ Ալիեւ տեսնէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք:

ԵԱՀԿ-ին կապուած կառոյցի գոյութեամբ`

Ա.- Արցախեան հակամարտութիւնը լուծուած չի նկատուիր,

Բ.- Օրակարգ կը վերադարձնէ ինքնորոշման իրաւունքը,

Գ.- Հեռանկար ցոյց կու տայ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային երաշխիքներու գործիքակազմերու առարկայացման:

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը անորոշ ձեւակերպումով արձագանգեց Մինսքի խմբակը լուծարելու դիմումի կոչին, ըսելով, որ պարզապէս խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն ետք պէտք է քննարկել Մինսքի խմբակին լուծարման հարցը:

Այս ուղղութիւնները դժբախտաբար չեն երեւիր Երեւանի մօտ ո՛չ բանակցային գործընթացներուն եւ ո՛չ ալ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ:

 

«Ա.»