Լիբանանեան աւանդական մտածողութեամբ այս կանգառը ուղղակիօրէն կապուած է արտաքին ուժերու միջեւ կայանալիք ընդհանուր համախոհութեան հետ: Պէտք է անոնք համաձայնին, որմէ ետք պատուէր տան իրենց կողմէ հովանաւորուած ուժերուն երկխօսելու եւ համաձայնելու տուեալ թեկնածուին շուրջ:
Լիբանանի խորհրդարանի վերջին նիստը կը թուի, որ սառեցուցած է նախագահի ընտրութեան օրակարգը: Իւրաքանչիւր կողմ արձանագրեց իր ունեցած քուէներու արդիւնքը: Այս իրողութիւնը սկզբունքով պէտք է նպաստէր, որ սկսէին բանակցութիւններ համախոհութեան յանգելու նպատակով: Կա՛մ կողմերէն մէկը պէտք է համոզէր միւս կողմին իր թեկնածուն ընտրելու, կամ` հակառակը: Կար անշուշտ երրորդ ընտրանքին երթալու կարելիութիւնը: Այս երեք կարելիութիւններուն ուղղութեամբ որեւէ գործնական քայլ չ՛առնուիր: Ինչ որ կը համոզէ քաղաքական դիպաշարին հետեւողը, որ կայ ընդհանուր հասկացողութիւն կանգառ առնելու եւ հանրապետութեան նախագահի օրակարգը սառեցնելու:
Լիբանանեան աւանդական մտածողութեամբ այս կանգառը ուղղակիօրէն կապուած է արտաքին ուժերու միջեւ կայանալիք ընդհանուր համախոհութեան հետ: Պէտք է անոնք համաձայնին, որմէ ետք պատուէր տան իրենց կողմէ հովանաւորուած ուժերուն երկխօսելու եւ համաձայնելու տուեալ թեկնածուին շուրջ:
Հիմա լիբանանեան քաղաքական որոշ շրջանակներուն մէջ կը շրջանառուի այլ վարկած: Խնդիրը նախագահի ընտրութենէն անդին ընդհանուր սահմանադրական եւ համակարգի փոփոխութեան հետ առնչուած է: Ուրեմն նախագահի պաշտօնին թափուրացումը ոչ թէ անհամաձայնութեան արդիւնք է, այլ քաղաքական ծրագիրի մը համաձայնեցուած կանգառը: Անկարելի դարձնել ընտրութիւնը, որ իր կարգին տեղի տայ համակարգային փոփոխութեան մասին քննարկումներ սկսելու:
Այս փոփոխութիւնը դարձեալ կարգ մը քաղաքական եւ համայնքային շրջանակներու մէջ անմիջապէս տեղի կու տայ դաշնակցային դրութեան վերարծարծումին: Երեք հարթութիւններու վրայ կ՛ընդգծուին դէպի նոր համակարգ անցում կատարելու կարելիութիւնները:
Առաջինը` լրատուադաշտը, որ ոչ միայն լրատուութեան սահմաններուն մէջ կը տեղադրէ նիւթը, այլ նոյնիսկ կը ստորագրէ վերլուծական առաջնորդողներ: Երկրորդ` հեռատեսիլի մեծ լսարան ապահոված հաղորդում-քննարկումներ, որոնք հետեւողականօրէն կ՛արծարծեն դաշնակցային դրութեան անցումի անհրաժեշտութիւնը եւ նոյնիսկ համապատասխան ծրագիրներ կը ներկայացնեն` աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական տեղաբաշխումներու ճշդումով:
Եւ երրորդ` անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ կը վկայակոչուին, շեշտելու համար, որ համակարգային փոփոխութիւնը օրակարգ է նաեւ տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողներուն համար:
Կարգ մը մեկնաբաններ դաշնակցային դրութեան համար այլ ձեւակերպումներ կ՛օգտագործեն` տեղական կառավարական խորհուրդներու ֆինանսական եւ վարչական ապակեդրոնացման տարազին տակ:
Համակարգային եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հրամայականը կը շեշտուէր նաեւ զանգուածային տեսք ստացած ժողովրդային ցոյցերու օրերուն: Այդ փուլին սակայն դաշնակցային դրութիւնը կամ վարչակառավարման ապակեդրոնացումը իբրեւ կարգախօսեր չէին բարձրաձայնուեր: Այդ օրերուն համայնքայինէն քաղաքացիական անցումը առանցքային նիւթ էր: Այլ խօսքով` պետական դրութեան ապահամայնքայնացումը:
Յստակ է, որ դաշնակցային դրութիւնը վաղուց օրակարգ էր քրիստոնեայ համայնքներէն որոշ շրջանակի համար: Ըստ էութեան նոյնիսկ այդ ուժերու քաղաքական փլաթֆորմի առաջադրանք, հակառակ անոր որ պաշտօնական բարձրաձայնումներ կամ առաջադրանքներ չէին հնչեր այս առումով: Լուռ հիմնաւորումը այն է, որ արագակշռոյթ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ այս գետնի վրայ հիմնովին կը խախտի իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերակցական պատկերը: Իրողապէս պետական հաստատութիւններու մէջ համայնքային պատկանելիութեան հիման վրայ ճշդուած հաւասարակշիռ չափաբաժինները իրողական թիւերուն անհամապատասխան են:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւն մը սակայն կրնայ մէկ կողմէ վարչակառավարման սահմանափակ շրջանի մը համար ապահովել իրաւական լիազօրութիւններ, միւս կողմէ համալիբանանեան առումով կորսնցնել կու տայ համայնքային համակարգին ապահոված օրինական չափաբաժինները բոլոր տեսակի պետական հաստատութիւններուն մէջ:
Բարդ է համակարգային փոփոխութեան անցումը: Այստեղ ամէն ինչ ոսկերչական նրբութեամբ եւ մանրամասնօրէն կառուցուած է համայնքներու իրաւունքներու սկզբունքներուն վրայ: Առանց այդ բոլորին փորձագիտական պատրաստուածութեան եւ մանաւանդ առանց բոլոր կողմերուն միջեւ այս առաջադրանքի մասին խորհրդակցութիւններու ծաւալման հանրային կարծիքի դաշտ անցնիլը համոզել կու տայ, որ օրակարգը ներմուծուած է Լիբանան, մտածել տալով նաեւ նախագահի պաշտօնի թափուրացման յատուկ քաղաքականութեան մասին:
«Ա.»