image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 9-րդ կէտի այլընտրանքը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 9-րդ կէտի այլընտրանքը

Տարածաշրջանային հանգոյց նկատուող 9-րդ կէտը կը խօսի թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ բացուելիք ճանապարհի անվտանգութեան երաշխաւորման եւ թէ՛ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան նկատմամբ Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութեան մարմիններու վերահսկողութեան մասին: Եւ ճիշդ այստեղ է տարածաշրջանային անհամաձայնութիւնը:  Ընդհանուր հաշուով Մոսկուայի եւ Թեհրանի անհամաձայնութիւնը:

Այս հակասութեան նկատմամբ թրքական խաղին մաս կազմող յայտարարութիւն է թուրք նախարարին կատարածը: Երկու ընտրանք: Ուղերձ Իրանին, զօրակցելու իր կեցուածքին ու համաձայնելու ճանապարհի աշխարհագրութեան փոփոխութեան, եւ ուղերձ Մոսկուային,  որ ռուսական վերահսկողութիւնը միակ ընտրանքը չէ Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապին:

Չի բացառուիր անշուշտ, որ այս ելեւէջները շարունակուին եւ Զանգեզուրի դասական ճանապարհի պատկերացումը վերստին վերադառնայ իր առաջին ընտրանքին` իբրեւ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ յայտարարուող առաջադրանք: Կը թուի սակայն, որ ռուսական վերահսկողութեան հարցը այնքան ալ հանգիստ չ՛ընկալուիր  Անգարայի կողմէ: Այդ պատճառով ալ երկու ընտրանքի մասին կը խօսին Թուրքիոյ ներկայացուցիչները:

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարին յայտարարութիւնը «միջանցք»-ի օրակարգով վերստին աշխարհագրական փոփոխութեան ուղղութիւն կը փոխանցէ:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբու շուրջ քննարկումները կը շարունակուին. սեղանին վրայ երկու տարբերակ կայ, որոնցմէ մէկը` Իրանէն անցնող ճամբան: Եւ եթէ հայկական կողմին մօտ խնդիրներ յառաջանան, ապա Ազրպէյճանը հաղորդակցութիւններ ունի նաեւ Իրանի հետ` այդ երկրի տարածքով անցնող միջանցքի կարելիութեան առնչուած: Հետեւաբար գոյութիւն ունի երկու ընտրանք, որոնք կը քննարկուին:

Առաջին անգամը չէ, որ միջանցքի իրանեան հատուածի կարելիութեան մասին կը խօսի Անգարայի ներկայացուցիչը: Թուրքիոյ նախագահը այս մասին կատարած էր յայտարարութիւն, որուն անմիջապէս հետեւած էր Պաքուն: Այս ետդարձէն ետք անշուշտ դարձեալ Զանգեզուրի միջանցքը վերադարձած էր թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի օրակարգ:

Այս ելեւէջները կը թուի, որ նախ եւ առաջ պայմանաւորուած են Իրանի գործօնով: Զանգեզուրի միջանցքի մասին Անգարայէն եւ Պաքուէն բարձրաձայնում, որուն կը հետեւի հերթական իրանեան զգուշացումը: Թեհրանը նման ամէն առիթի հետեւողականօրէն կը շարունակէ յայտարարել, որ չի հանդուրժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ  սահմանի փոփոխութիւն: Որ ինքնին կ՛ենթադրէ, որ չի հանդուրժեր որեւէ այլ ուժի վերահսկողութիւն իր սահմաններուն:

Խնդիրը սակայն միայն իրանեան գործօնի յարաբերակցութեամբ դիտարկելը քաղաքականօրէն ճիշդ պիտի չըլլար: Մոսկուան ամէն առիթի կը յիշեցնէ, որ նոյեմբերեան եռակողմով կայ պայմանաւորուածութիւն այդ կապը տրամադրելու, թէ հայկական կողմը կը շարունակէ ձգձգել իր ստորագրած համաձայնութեան 9-րդ կէտը: Մինչ Երեւանը կ՛արձագանգէ, որ նոյեմբերեան համաձայնութիւնը կորսնցուցած է իր արդիականութիւնը, որովհետեւ ազրպէյճանական եւ ռուսական կողմերը չեն յարգած իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Աւելի՛ն. Երեւանի տարբեր ներկայացուցիչները կը շեշտեն, որ բացի հայկական ուժերէն այնտեղ այլ ուժի կողմէ վերահսկողութեան հարց չէ նշուած:

«Ա.»