Սուրիական «syriahr.com» կայքէն կը կարդանք , թէ վարձկաններու նոր դիակներ հասած են Սուրիա եւ թրքական հետախուզական ծառայութիւնները մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն նոր զինեալներ հաւաքագրելու եւ Ատրպէյճան ուղարկելու:
Մարդու իրաւունքերու սուրիական տեղեկատուական կեդրոնը իր աղբիւրներէն տեղեկացած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մարտերուն ընթացքին Անգարային կողմնակից խմբաւորումներու «վարձկաններու» դիակները բերուած են Սուրիա, ինչպէս նաեւ որոշ թիւով զինեալներ ալ վերադարձած են Ատրպէյճանէն: Այսպիսով, հակամարտութեան սկիզբէն մինչեւ հիմա մահացածներու թիւը աճած է հասնելով 119 զոհի, որոնցմէ 78-ին դիակները Սուրիա բերուած են, մինչ մնացածներունը տակաւին Ատրպէյճանի մէջ են:
Տեղեկատուականին աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ Թուրքիան ամէն կերպով կ'աշխատի նոր զինեալներ հաւաքագրելու եւ Ատրպէյճան ուղարկելու: Թրքական հետախուզութիւնը իրեն հաւատարիմ խմբակցութիւններուն հետ նիւթական օղակը կ'օգտագործէ շահագրգռելու համար զանոնք Ատրպէյճան ուղարկելու, սակայն անոր փորձերը դժուարութիւններու կը հանդիպին, հակառակ Լիպիոյ պարագային, որովհետեւ շատեր տարբեր պատճառներով կը հրաժարին Ատրպէյճան մեկնիլ որոնցմէ ամէնէն կարեւոր պատճառը կրնայ զինեալներու դաւանական պատկանելիութիւնը ըլլալ։
Կը նշուի, որ իսլամիստ զինեալները սիւննի են, իսկ Ատրպէյճան ՝ Շիիթ դաւանանքին կը հետեւի: