Հարց. Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը ըսած է, որ Միլանիի մէջ Հայաստանի ԱԳ նախարարի հետ փոխըմբռնում եղած է: Ի՞նչ փոխըմբռնման մասին է խօսքը:
Պատասխան. Միլանիի մէջ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի շրջանակէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները հրապարակուած են ՀՀ ԱԳՆ կողմէ: Մասնաւորապէս, հանդիպման յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը պայմանաւորուած են յառաջիկային շարունակել հանդիպումները՝ պահպանելով ձեւաւորուած տինամիքան»։
Մէկ այլ համաձայնութիւն ալ ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու հետ համատեղ յայտարարութեան վերաբերեալ: Նման ձեւաչափով յայտարարութիւններ երկար ժամանակ է, ինչ կարելի չէր ըլլար ընդունիլ, այնուամենայնիւ, Միլանիի մէջ հնարաւոր դարձաւ համաձայնութիւն ձեռք բերել յայտարարութեան թեքսթի շուրջ:
ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդին մէջ 6 դեկտեմբերի իր ելոյթին մէջ, որ նոյնպէս հրապարակուած է ՀՀ ԱԳՆ կողմէ, Հայաստանի ԱԳ նախարարի պաշտօնակատարը անդրադարձած է այդ յայտարարութեան` ընդգծելով, որ անշուշտ ոգեւորիչ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումէն ետք կարելի եղաւ համաձայնութեան գալ ընդհանուր թեքսթի շուրջ եւ ընդունիլ հնգակողմ յայտարարութիւն: Ան աւելցուց, որ այդ յայտարարութիւնը կը վերահաստատէ Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած փոխըմբռնումը կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը՝ կեդրոնացած ձեւով աշխատելու հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան յետագայ թուլացման եւ ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ:
Նման բարդ հարցերու առնչութեամբ հանրային յայտարարութիւններուն մէջ առերեսում չըլլալը, ոչ թշնամական թոնայնութեան պահպանումը արդէն իսկ լաւ է: