Լիբանան- Աշխարահռչակ հայազգի աստղ Շարլ Ազնաւուր այսօր ելոյթ պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ: Նշենք, որ Ազնաւուրի համերգը տեղի պիտի ունենայ Պաթրուն ծովեզերեայ քաղաքին մէջ: Յայտնենք, որ Ազնաւուրի տուած համերգը կը կայանայ Պաթրուն քաղաքի ամէնամեայ փառատօններու ծիրէն ներս: Ազնաւուրի Լիբանան տուած վերջին համերգը եղած էր Պաալպէքի մէջ 1999 թուականին: 92 Տարեկան Ազնաւուր կը շարունակէ մնալ լիբանանցի լայն հանրութեան ամենասիրուած աստղերէն մին: