ՀՀ Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը ազատութենէ զրկելու մասին ՀՀ գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան: Փակ քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց ՀՀ ԱԺ ժամանակաւոր հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:
Մանուէլ Գրիգորեանը ազատութենէ զրկելու մասին ՀՀ գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան քուէարկութեան մասնակցած են 82 պատգամաւոր: Կողմ քուէարկած է 77, դէմ 3 պատգամաւոր: Անվաւեր ճանչցուած է 2 քուէաթերթիկ:
Յիշեցնենք որ, քիչ առաջ Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուած էր Մանուէլ Գրիգորեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ անոր նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու միջնորդութեան եւս: