image
Հրատապ լուրեր:

34 -ամեայ լիբանանահայ երիտասարդը՝ մոթորսիքլէթի արկածի զոհ

34 -ամեայ լիբանանահայ երիտասարդը՝ մոթորսիքլէթի արկածի զոհ

Ծանր արկածի մը հետեւանքով մահացած է լիբանանահայ Վահէ Մանաշեանը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի  Պէյրութի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ փոխանցեց, որ Վահէ, անցեալ հինգշաբթի օր իր մոթորսիքլէթէն իյնալով, ծանր հարուած  ստացած է դիմացէն արագօրէն եկող ինքնաշարժէ մը: Արկածը եղած է Պուրճ Համուտի մերձ եղող Տորա շրջանին մէջ: Ան շաբաթ մը մահաքունի մէջ մնալով, երէկ աւանդած է իր հոգին: Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին այսօր յետմիջօրէին՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ Վահէ ամուսնացած էր  եւ ունի մէկ դուստր: