image
Հրատապ լուրեր:

3 Հայ զոհ եւս Թուրքիոյ երկրաշարժին

 3 Հայ զոհ եւս Թուրքիոյ երկրաշարժին

 «Արեւելք» ցաւոտ լուր մը ստացաւ Սուրիայէն։

Թուրքիան հարուածած  երկրաշարժին հետեւանքով  զոհուած են բնիկ  հալէպահայ  հայրենակիցներ։

 Դշխուն, Արմիկ եւ Մեսրոպ զոհուած են Աղէքսանտրէթի (Իսքանատուր) մէջ, ուր եւ կը բնակէին։

Այս մասին գրած է նաեւ  ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան դիմատետրի էջը, որ  յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ զոհերուն մասին։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը

 

Հ.Մ.Մ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ երկրաշարժի աղէտի պատճառով, Իսկէնտէրունի մէջ որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով գտնուած, դիակները Հալէպի Հ.Մ.Մ-ի նախկին Տիկնաց Վարչութեան Ատենապետուհի, Դշխուն Մեսրոպեանի(1953)եւ իր երկու զաւակները Արմիկի(1978)եւ Մեսրոպի(1985)որոնք եղած են Հ.Մ.Մ-ի սկաուտներ եւ Արմիկը Նոր Սերունդի պարախումբի անդամ։ Հ.Մ.Մ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Միսաք Նաճարեանն ու Վարչութեան անդամները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Մեսրոպեան ընտանիքին, ի մասնաւորի վարչութեանս Ատենադպիր՝ ընկ. Վազգէն Մեսրոպեանին եւ համայն Հ.Մ.Մ-ի ընտանիքին։