image

3 Ապրիլը Եղիկ Գայայեանի յիշատակի օրն է. 35 Տարիներ առաջ ան կ՚իյնար պարտականութեան ճամբուն վրայ

 3  Ապրիլը Եղիկ Գայայեանի յիշատակի օրն է. 35 Տարիներ առաջ ան կ՚իյնար պարտականութեան ճամբուն վրայ

  Շրջանի ընկերները արագօրէն կը փորձեն զինք փոխադրել հիւանդանոց, սակայն Եղիկ հանգիստ հայացքով ու քաջերու վայել մահով կը հեռանայ մեր աշխարհէն։Անոր մասին պատումները շատ են եւ յիրաւի կը դառնայ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ նահատակուած հարիւրաւոր ընկերներու նուիրումն ու դաշնակցականի կամքը խորհրդանշող իսկական կերպար։

 

3 Ապրիլ 1989-ին կը նահատակուի ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն Եղիկ Գայայեան։

 

Եղիկ կ՚իյնայ պարտականութեան ճամբուն վրայ, երբ ան օգնութեան կը հասնէր Արագած հայահոծ շրջանին վրայ տեղի ունեցած հրթիռակոծումներուն հետեւանքով վիրաւորուած հայ ընտանիքի մը։

Առասպելական կը դառնայ անոր նահատակութեան պատմութիւնը, երբ ան վիրաւորելէ անմիջապէս ետք կը փութայ Ազիրեան ակումբը իր վերադասին յանձնելով զէնքն ու փամփշտարգելը։

  Շրջանի ընկերները արագօրէն կը փորձեն զինք փոխադրել հիւանդանոց, սակայն Եղիկ հանգիստ հայացքով ու քաջերու վայել մահով կը հեռանայ մեր աշխարհէն։Անոր մասին պատումները շատ են եւ յիրաւի կը դառնայ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ նահատակուած հարիւրաւոր ընկերներու նուիրումն ու դաշնակցականի կամքը խորհրդանշող իսկական կերպար։

Եղիկ Գայայեան ծնած էր Պուրճ Համուտի Արագած շրջանի մէջ, 1964 թուականին: Յաճախած է թաղի Ազգային Արամեան վարժարանի նախակրթարանը: 11 տարեկան էր, երբ պատերազմի պատճառով ուսումը ձգեց: Փոքր տարիքէն կորսնցուց իր ծնողները եւ պէտք էր հոգ տանէր իր քոյրերուն, օգներ մեծ եղբօրը:

Պատանի տարիքէն կ'անդամակցի ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Արաբօ» մասնաճիւղին եւ քանի մը տարի յետոյ կանցնի ՀՅԴ շարքերը: 1984-1985 թուականներուն կը ստանձնէ Նոր Սիս շրջանի «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան վարիչի պարտականութիւնը: Թէեւ ուսումը չէր կրցած շարունակել, բայց կը զբաղէր ինքնակրթութեամբ՝ իր գիտցածն ալ պատանիներուն փոխանցելով, որոնց կը հմայէր իր գեղեցիկ խօսքով, խրոխտ ու քաջ կեցուածքով:

1986-1987 թուականներուն կ'անցնի Արեւմտեան Պէյրութ՝ մասնակցելով տեղի հայութեան ապահովութեան աշխատանքներուն: 1987-ին կը վերադառնայ Արագած ու մինչ իր նահատակութիւնը կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

 

 

 

 

Լուսանկարը՝  Մարգար Թումայանի  էջէն