Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Հոկտեմբեր 27-ին յարգանքի տուրք մատուցած են 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութեան զոհերուն յիշատակին։
Անոնք ծաղիկներ զետեղած են Ազգային ժողովի տարածքին տեղադրուած՝ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ։
Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութենէն անցած է 27 տարի։ 1999 թուականի այդ օրը զինեալ խումբ մը ներխուժած էր Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճ։ Զոհուած էին Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեան, վարչապետ Վազգէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեան եւ Ռուբէն Միրոյեան, նախարար Լէոնարտ Պետրոսեան, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեան, Միքայէլ Քոթանեան եւ Հենրիկ Աբրահամեան։
