Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարելով (Երեւան, 5 Նոյեմբեր), Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան յայտարարած է, որ Զօհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ, Յարութիւն եւ Լենա Սողոմոնեաններ եւ Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանին՝ 300 հազար տոլար կը նուիրեն Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ հիմը դնելով «Հրայր Սողոմոնեան եկամտաբեր ֆոնտ»ին (Endowment Fund), կը տեղեկանանք Հ.Մ.Ը.Մ.-էն։
Նուիրատուութեան տարեկան հասոյթին երկու երրորդը, նուիրատուներուն փափաքով, պիտի տրամադրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներուն, իսկ մէկ երրորդը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի աշխատանքներուն։
Ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեան մահացած է 2020-ին, ան եղած է Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ատենապետ, Կաթողիկոսարանի Տնտեսական Յանձնախումբի անդամ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգ. Վարչութեան երկար տարիներու Ատենապետ։