image

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը կազմակերպած է Լեւոն Անանեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը կազմակերպած է Լեւոն Անանեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը կազմակերպած է Լեւոն Անանեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն։

Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։

«Հայաստանի գրողների միութեան կլոր սրահում նոյեմբերի 10-ին ժամը 14-00-ին տեղի կ՚ունենայ հրապարակախօս Լեւոն Անանեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Անանեան ծնած է 1946-ին։ 2001-2011 թուականներուն ան զբաղեցուցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահի պաշտօնը։

Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, վրացերէնի եւ այլ լեզուներու։ Ան միջազգային երեք ակադեմիաներու անդամ էր։