Սուրիա- 23 Օրէ ի վեր Հալէպ կը շարունակէ մնալ առանց ելեքդրականութեան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ բանակին կողմէ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման լուծէն ազատագրուած «Ալ Հատէր» շրջանին մէջ բանակի վերանորոգման ջոկատները յաջողած են հիմնական 4 խանգարուած ցանցեր վերանորոգել, եւ միայն այդ ցանցերու վերանորոգումէն ետ պարզ դարձած է, որ կայ վերանորգման կարիք ունեցող 5-րդ ցանց մը: Տարբեր աղբիւրներ այս մասին խօսելով յոյս յայտնած են, որ Հալէպի ելեքդրականութիւնը կրնայ վերականգնիլ, միայն այդ ցանցի ամբողջական նորոգումէն ետք: Նշենք, որ հայկական թաղամասերուն մէջ եւս հոսանքի լուրջ տագնապ կայ եւ մեր հայրենակոցները բաւական բարձր գումարներ վճառելով կ'օգտուին ելեքդրական հոսանք հայթայթող սեփական ձեռնարկութիւններէ: