2022 թուականը անակնկալներով լեցուն էր աշխարհահռչակ անհատներուն համար։ Կարգ մը անակնկալներ, սակայն, այդքան ալ հաճելի չէին։ Կը ներկայացնենք կարգ մը հանրայայտ դերասաններու, արուեստգէտներու այս տարուան ապրած ճգնաժամերը։
Սէլին Տիոն
Միջազգային երգչուհի Սէլին Տիոնը բացայայտեց, որ ինք կը տառապի ջղային հազուագիւտ հիւանդութենէ մը, որ կը կոչուի Stiff Person Syndrome (SPS), որ կ՚առաջացնէ մկաններու պրկուածութիւն եւ շարժումները կը դառնան անվերահսկելի եւ անկառավարելի, որուն կ՚ընկերակցի մշտական ցաւը։
Այս հազուագիւտ հիւանդութիւնը, որ կը պատահի միլիոնէն մէկուն, Տիոնին պատճառ դարձաւ իր եւրոպական երաժշտական շրջագայութեան չեղարկման:
Ճէնիֆըր Էնիսթըն
Ճէնիֆըր Էնիսթընը բացայայտեց, որ երեխայ ունենալու փորձի ժամանակ անցած է առողջական բարդութիւններէ, եւ բացատրեց, որ դիմած է հնարաւոր տարբեր միջոցներու՝ արհեստական բեղմնավորումէն մինչեւ չինական թէյ խմելը, բայց բոլոր փորձերը ձախողած են։
Էնիսթըն պատմած է, որ «փափարացի»ները անդրադարձած են իր յղութեան մասին, երբ իր կեանքի ամենադժուար հանգրուանը կ՚ապրէր եւ երբ ան բժշկական անօգուտ զննումներ կ՚ընէր:
Դերասանուհին բացատրած է, որ օր մը գիրք կը գրէ իր անպտղութեան ճանապարհի մասին՝ ըսելով, որ այլեւս թաքցնելու բան չունի, եւ շարունակած է ըսելով. «Ես հաշտուեցայ երեխայ չունենալու գաղափարին հետ»։
Մէթիու Փէրի
“Friends” ֆիլմի աստղ Մէթիու Փէրին, որոշած է այս տարի առաջին անգամ ըլլալով խօսիլ կեանքի այն դժուար հանգրուանին մասին, որ անցուցած է թմրանիւթի կախուածութեան պատճառով, որուն հետեւանքով անոր հաստ աղիքը վնասուած է:
Իր անձնական յուշերուն մէջ Փէրին ըսած է, որ ան հինգ ամիս հիւանդանոց մնացած է, ուր երկու շաբաթ մահաքունի մէջ եղած է:
Ան աւելցուցած է, թէ բժիշկները ընտանիքին ըսած են, որ ողջ մնալու հաւանականութիւնը 2 տոկոս է։ Անոր մարմնէն դուրս դրած են թթուածնային սարք, որ սիրտի եւ թոքերու շնչառութիւնը համակարգէ։ Այս ընդհանրապէս մահէն առաջ վերջին փուլը կը նկատուի։ Փէրին յայտնած է, որ յաղթահարած է իր առողջական վտանգը։
Ճասթըն Պիպըր
Միջազգային երգիչ Ճասթըն Պիպըր, այս տարուայ Յունիսին յայտնած էր, որ ունի վիրուսային ծագման «Ռէմզի Հանթ» հիւանդութիւնը, որու պատճառով դէմքի կաթուած ունեցած է։
Երգիչը «Instagram»-ի իր պաշտօնական էջին տեսահոլովակ մը հրապարակած է, ասելով. «Բնական է, որ դուք կը տեսնէք դէմքս։ Ես ունիմ «Ռէմզի Հանթ» կոչուող վիրուսային հիւանդութիւնը, որ կը վնասէ ականջի եւ դէմքի նեարդերը, եւ որ պատճառ դարձաւ դէմքիս կաթուածին»։
Պիպըր, անհանգստութեան պատճառով ստիպուած եղած է քանի մը անգամ չեղարկելու համերգները։
Ատէլ
Միջազգային աստղ Ատէլը յայտնած է, որ ամուսնալուծման շրջանին, օրական հինգ հանգրուաններէ բաղկացած հոգեբանական բուժման ենթարկուած է։ Ան նշած է, որ որոշ ժամանակ դադար առնելէ ետք վերսկսած է հոգեբանական բուժում ստանալը, քանի որ զգացած է անոր կարիքը:
Ան խոստովանած է, որ շատ զգացական դարձած է եւ կը փորձէ զսպել իր զգացումներն ու յուզմունքը, եւ տակաւին բեմի վրայ կանգնելէն կը վախնայ։
Սէլէնա Կոմէզ
Ամերիկացի երգչուհի եւ դերասանուհի Սէլէնա Կոմէզը այս տարի որոշած է իր հանդիսատեսին հետ կիսուիլ իր հոգեկան առողջութեան եւ ծանր ընկճուածութեան՝ “depression”-ին մասին, որ անցուցած է իր կեանքի ընթացքին, զանազան հանգրուաններով։ Իր կեանքին մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմին մէջ աստղը բացատրած է, որ 2020-ին երբ առաջին անգամ երկբեւեռ՝ bipolar հիւանդութեամբ ախտորոշուած է, շատ է տառապած եւնոպաներ ունեցած է:
Ան խոստովանելով ըսած է, թէ ամէն ինչ այնքան մութ էր իրեն համար, որ ամէն ինչի վրայ վերահսկելու կարողութիւնը կորսնցուցած է, այն աստիճանի, որ պահ մը մտածած է, որ աշխարհը կրնայ աւելի լաւ տեղ ըլլալ առանց իրեն:
Ան ըսած է, որ երկբեւեռ խանգարման բուժման համար երկու դեղամիջոց կը ստանայ, բայց անոնք ունին հետեւանքներ՝ յղութեան եւ ծննդաբերութեան հնարաւորութիւնը շատ կը նուազեցնեն։
Ճէյն Ֆոնտա
Ամերիկացի դերասանուհի Ճէյն Ֆոնտան այս տարի յայտարարած է, որ ունի գեղձային քաղցկեղ եւ սկսած է վեց ամիս տեւող քիմիական բւոժման:
84-ամեայ դերասանուհին յայտնած է, թէ այս տեսակի քաղցկեղը բուժելի է մարդոց 80 տոկոսին մօտ։
Սթիվըն Թուիչ
Մասնագէտ DJ եւ պարող Սթիվըն Թուիչը այս տարի անձնասպան եղած է՝ մեծ ցնցում պատճառելով իր համակիրներուն։ Թուիչը ինքնաբուխ կատակասէր էր եւ ոչ ոք կ՚ակնկալէր, որ ան փամփուշտով իր կեանքին վերջ կու տայ։
Արոն Քարթըր
Ամերիկացի դերասան Արոն Քարթըրի մահը մեծ ցնցում պատճառած է ընտանիքին եւ համակիրներուն։ Անոր դին գտած են Գալիֆորնիոյ մէջ գտնուող իր տան լոգարանին մէջ։
Լրատուամիջոցներու տեղեկութեամբ՝ 4 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, շտապօգնութեան ոստիկանութեան 911 հեռախօսահամարով ահազանգ ստացած են ՝ 34-ամեայ Քարթըրի մահուան լուրը յայտնելու համար։
Ուիլքօ Ճոնսըն
75 տարեկան անգլիացի դերասան և կիթառահար Ուիլքօ Ճոնսընը, ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի դէմ երկար պայքարելէ ետք մահացած է։
2013 թուականին Ճոնսընի մօտ քաղցկեղ յայտնաբերուած է, եւ անոր ըսած են, թէ 10 ամիսէն աւելի չ՚ապրիր, սակայն ան վիրահատութենէն ետք ապրած է 9 տարի։
Քրիսթի Էլլի
Ամերիկացի դերասանուհի Քրիսթի Էլլի մահացած է 71 տարեկանին՝ հաստ աղիքի քաղցկեղի դէմ կարճատեւ պայքարէն ետք։
Յստակ չէ, թէ Էլլիի մօտ հաստ աղիքի քաղցկեղը երբ ախտորոշուած է եւ ինչ փուլի մէջ կը գտնուէր։ Անոր ընտանիքը ըսած է, թէ վերջերս յայտնաբերուած է։
Ռոպի Քոլթրէյն
72 տարեկանին մահացած է «Հարի Փոթըր»ի աստղ Ռոպի Քոլթրէյնը։ Քոլթրէյնի գեղարուեստական գործունէութիւնը տեւած է աւելի քան չորս տասնամեակ։ Ան դերեր ստանձնած Ճէյմս Պոնտի «Ոսկէ աչք» եւ «Աշխարհը բաւական չէ» ֆիլմերու մէջ։
Ան նաեւ նկարահանուած է 1990-ականներու բրիտանական Cracker հեռուստաշարքին մէջ՝ խաղալով դատաբժշկական հոգեբան Էտուարտի դերը։
Էն ՀԷշ
Այս տարի, ամերիկացի դերասանուհի Էն Հէշը, կենսապահովման սարքի անջատումէն ետք, մահացած է։ Ան թմրանիւթի ազդեցութեան տակ եղած պահուն, Լոս Անճըլըսի մէջ ինքնաշարժի մեծ արկածի ենթարկուած է։
Նիւթը «Արեւելք»ի համար «Ալ Նահար»էն թարգմանեց՝ Ն. Տ.