image

Իրան. Բնակելի շէնք մը իսրայէլեան հարուածի թիրախ. Զոհերուն մէջ կան երեխաներ

Իրան. Բնակելի շէնք մը իսրայէլեան հարուածի թիրախ. Զոհերուն մէջ կան երեխաներ

Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Շահիտ Չամրան քաղաքին մէջ բնակելի շէնք փլուզած է, զոհուած է 60 բնակիչ, այդ շարքին՝ 20 երեխայ։ Այս մասին հաղորդած է իրանեան հեռուստառատիոընկերութիւնը:

«Երէկ Իսրայէլի կողմէ այս բնակելի շէնքի վրայ կատարուած հարուածի հետեւանքով զոհուած է 60 մարդ, այդ շարքին՝ 20 երեխայ: Զոհերէն 10-ի մարմինները փլատակներու մէջ են: Անոնց թվում կան 6 և 9 ամսական նորածիններ»,- յայտնած է հեռուստաալիքի թղթակիցը: