Երէկ՝ 10 ապրիլին, Բաշ Քարւենդ բնակավայրի մօտակայքը տեղի ունեցած է զոհուածներու մարմիններու փոխանակում, որու համաձայն հայկական կողմին յանձնուած է զոհուածներու 18 մարմին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Razm.info-ն։ Ըստ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքի` փոխանակումը իրականացուած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, իսկ գործընթացը իրականացուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի և ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի միջնորդութեամբ:
Նշենք, որ ապրիլի 8-ին, համաձայն նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը ԿԽՄԿ եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներու միջնորդութեամբ, իրականացուած էին զոհուածներու որոնողական աշխատանքներ, որոնց արդիւնքով հայկական կողմը յայտնաբերած էր ՊԲ 2 զինծառայողի մարմին: