Անդրադառնալով Սուրիոյ նկատմամբ Ուաշինկթընի նոր քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յայտնած մտահոգութեան՝ կապուած Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի նոր ռազմավարութեան, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան նախարարի դիւանագիտական խորհրդական Ալի Ահմատ նշած է, որ Ուաշինկթընի հովանաւորութեամբ գործող Միջազգային դաշնութեան ուժերու իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ «տարօրինակ դէպքեր» տեղի կ'ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աւելի մանրամասն խօսելով, Ալի Ահմատ կարծիք յայտնած է, թէ ռուս դիւանագէտները քաջատեղեակ են, որ ԱՄՆ-ի վարած քաղաքականութիւնը կը վերահսկուի ռազմա-արդիւնաբերական համալիրի կողմէ, եւ այն հիմնուած է խառնակ վիճակներ ստեղծելու վրայ, բան մը, որ այսօր տեղի կ'ունենայ Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար կոչ ուղղելով Ռուսիոյ նախագահ Լաւրովին, Ալի Ահմատ շեշտած է, որ վերջինս ինք է, որ պէտք է բարձրացնէ այս հարցը աշխարհի առջեւ, մատնանշէ խնդիրին տարօրինակ կողմերը, շեշտելով, որ անոնք կը հակասեն միջազգային օրէնքներուն եւ նորմերուն, որոնց վրայ հիմնուած է ՄԱԿ-ն ու Միջազգային անվտանգութեան խորհուրդը:
«ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնն այս տարածաշրջանին մէջ վտանգ կը ներկայացնէ թէ' տարածաշրջանին, թէ' աշխարհի խաղաղութեան: Այն, ինչ որ տեղի կ'ունենայ այսօր Ռաքքայի մէջ, կ'իրագործուի նոյն քաղաքականութեամբ, որուն դիմած էր ԱՄՆ Իրաքի մէջ: Ժողովրդագրական շատ մեծ փոփոխութիւններ կը կատարուին ԱՄՆ-ի կողմէ, եւ ան մեծ յաջողութեամբ կը հասնի իր նպատակներուն այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ շարք մը իրաքեան շրջաններու մէջ, սակայն ի վերջոյ թէ' ռազմական, թէ' քաղաքական գետնի վրայ պարտութիւն կրեց: Այսօր Ռաքքան ամբողջութեամբ աւերելէ ետք, նոյն քայլերուն կը դիմէ նաեւ այնտեղ»,- համոզմունք յայտնած է Ալի Ահմատ, աւլցնելով, որ ԱՄՆ Ռաքքայէն կը հեռացնէ քաղաքի բնակչութիւնը, անոնց փոխարէն այնտեղ վերաբնակեցնելով ոչ սուրիացիներ: «Անշուշտ խօսքս սուրիացի քիւրտերուն չի վերաբերին, անոնք մեր երկրի անբաժանելի մասնիկն են, սակայն նկատի ունիմ Իրաքէն ու Թուրքիայէն տեղափոխուած այն քիւրտերը, որոնք այս երկրին հանդէպ պատկանելիութեան զգացում չունին, եւ իրենց նպատակը երկիրն աւերելն ու տեղաբնիկ ժողովուրդին միջեւ պառակտում ստեղծելն է: Ահա այս բանին մէջ է, որ կը կայանայ տարօրինակութիւնը, որ եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքներուն եւ նորմերուն»,- եզրափակած է Ալի Ահմատ: