Պաղեստինեան տարբեր քաղաքներու մէջ երէկ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի որոշման դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուած են, որոնք արիւնալի հետեւանքներ ունեցած են, կը գրէ «Sky News» լրատուական կայքը:
Պաղեստինեան «Կարմիր Մահիկ» կազմակերպութեան փոխանցմամբ, Արեւելեան ափի, այդ թուին՝ Երուսաղէմի մէջ աւելի քան 217 անձ, իսկ Կազայի մէջ 15 անձ վիրաւորուած են:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, ուրբաթօրեայ աղօթքէն ետք տասնեակներով դուրս եկած են մզկիթներէն ու բողոքի ցոյց սկսած, որ շուտով վերածուած է իսրայէլեան ուժերու հետ բախման:
Բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ պաղեստինեան այլ քաղաքներու մէջ, տասնեակներու վիրաւորման պատճառ դառնալով: