image
Հրատապ լուրեր:

Զարիֆ կը պաշտպանէ «Հըզպալլա»ն

Զարիֆ կը պաշտպանէ «Հըզպալլա»ն

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ մեղադրած է շարք մը արաբական երկիրներ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի հետ մօտիկանալու եւ Իսլամական աշխարհէն հեռանալու մէջ, շեշտելով, որ նշուած երկիրներու կողմէ «Հըզպալլա»ի ահաբեկչական խմբաւորում որակուիլը կ'ապացուցէ, թէ վերջիններս որքան ենթակայ են ԱՄՆ-ին:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Իսլամական երկիրներու արտահերթ համագոէմարին մասնակցելու նպատակով Պոլիս ժամանած Զարիֆ ցաւով յայտնած է, թէ որոշ արաբական երկիրներ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու եւ իսրայէլեան ու ամերիկեան բռնութեան դէմ ընդդիմանալու փոխարէն, ներողամիտ կեցուածք կը ցուցաբերեն Իսրաէլի նկատմամբ, երբ վերջինս Ղազզայի բնակչութիւնը կ'ոչնչացնէ, ինչպէս նաեւ իսլամական երկիրները պաշտպանող միակ ուժ՝ «Հըզպալլա»ն որպէս ահաբեկչական խմբաւորում կը հռչակեն: