image
Հրատապ լուրեր:

Յոյս Ունիմ, Որ Երէկուան Ընտրութիւններուն Ցնցումը Կը Բանայ Մեր Աչքերը. Սեւակ Արծրունի

Յոյս Ունիմ, Որ Երէկուան Ընտրութիւններուն Ցնցումը Կը Բանայ Մեր Աչքերը. Սեւակ Արծրունի

Սեւակ Արծրունիի  կարծիքով   «Երէկ եղածը    կարելի  չէ բացատրել միայն որպէս  ընտրաճնշումներու եւ ընտրախախտումներու  արդիւնք»,  այլ  կան բազմաթիւ այլ ազդակներ:  Սեւակ Արծրունի նաեւ ըսաւ, որ  «Թուրքիոյ  մէջ  նոր իրավիճակ  գոյութիւն ունի» եւթուարկելով  այդ գործօնները նշեց, թէ «Իրավիճակը   7 Յունիսի ընտրութիւններուն  հետ  համեմատելով    կարելի է ըսել, որ  քրտամէտ  HDP կուսակցութեան  ձայն տուած էին աւելի քան վեց միլիոն ընտրողներ, իսկ երէկ  հազիւ  հինգ միլիոն  քուէարկողներ, այսինքն աւելի քան մէկ միլիոն ընտրողներ չեն տեղափոխուած ընտրատեղամասեր հակաքրտական եւ էթնիք փոքրամասնութիւններու  դէմ սանձազերծուած վախ մթնոլորտին պատճառով , կամ նախընտրած  են իրենց ձայնն այս անգամ տալ թրքական ավւանդական Հանրապետական կուակցութեան»: Արծրունի  շարունակելով իր   խօսքը  նոյնպէս նշեց, միլիոնաւոր թուրք ազգայնականներ, նամանաւանդ Թուրքիոյ  արեւելեան  հատուածին մէջ , իրենց ձայները ազգայնական MHP-ի փոխարէն այս անգամ տուին իշխող AKP կուսակցութեան, որ համեմատած 7 ունիսի ընտրություններուն երէկ կարողացաւ աւելի քան չորս միլիոնով իր ընտրազանգուածը    մեծցընել  եւ Յունիսին  ունեցած  19 միլիոն   քուէարկողի  համեմատ երէկ ապահովեց աւելի քան  23 միլիոն ձայն:  Արծրունի  անդրադառնալով  մօտիկ  ապագային  Թուրքիոյ  մէջ   հաւանական զարգացումներուն  նշեց. «Իշխող AKP կուսակցութիւնը մարտավարական շրջադարձ կատարեց դեպի թուրք ազգայնականություն, եւ  ատով իսկ ապահովեց երէկուան  ընտրութիւններուն  յաղթանակը   եւ գալիք ամիսներուն,  կը  կարծեմ  եմ կը տեսնենք, որ այս շրջադարձը ոչ թէ տակտիկական այլ արմատական եւ սկզբունքային բնոյթ   կը  կրէ, այլ  կը տեսնենք, որ յանուն իշխանութեան իշխող վերնախաւը զգալի զիջումներ կը կատարէ  ազգայնամոլական խորքային պետութեան դիմաց,  տեղ տալով մինչ այդ իր իսկ կողմէ  մեկուսացուած շրջնակներուն:  Կը տեսնենք նաեւ, որ Նախագահ Էրտողանն ու  անոր  աջակցող քաղաքական գործիչները, ոչինչ չեն խնայեր հասնելու համար իրենց հիմնական նպատակին, որն է այն է սահմանադրական փոփոխությունները»: Արծրունի   խօսելով   Թուրքիոյ մէջ առկայ  քրտական  խնդրին մասին  ըսաւ «Քրտական նահանջը նաեւ արդիւնք է արեւմտեան եւ նամանավանդ Ամերիկեան քրտամետ քաղաքականութեան հերթական տատանումներուն»  վերլուծելով նաեւ, որ «Արեւմուտքը քրտական հարցը այսօր կ'օգտագործէ  այնպես ինչպես 18-20 րդ դարերուն կ'օգտագործէր  հայկական հարցը եւ հետեւանքները կրնան  ըլլալ  նոյնքան եւ ոչ պակաս աղետալի, Թուրքիոյ եւ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ: Հակառակ այս բոլորին»  շարունակեց Արծրունի  «Քրտական գործօնը իրական է եւ համոզուած եմ,  որ քիւրտերը զիջումներու պիտի երթան թուրքիոյ մէջ: Այս իմաստով, իմ գնահատմամբ այս ընտրութիւնները  կրնան   քիւրտ ազգայնական շրջանակներուն  անջատողական քաղաքականութեան ընդմիջման  պատճառ ըլլալ եւ սկիզբ թուրք- քրտական անհամատեղելի շահերու հաշտեցման նոր փորձերու»: Արծրունի  խօսելով  Թուրքիոյ   մէջ ընթացող    զարգացումներուն   վերաբերեալ հայկական  գրեթէ   բոլոր շրջանակներուն  մասին նկատել տուաւ, որ թրքագիտութիւնը հիմնուած է ցանկութիւններու  եւ յուզական ջղաձգումներու վրայ: Հայերուս մօտ թուրքիան, եւ ոչ միայն թուրքիան այլ նաեւ քիւրտ  ժողովուրդը, իսլամն ու հայկական ցաւերի հետ առնչուող շատ նման երեւոյթներ առարկայական մտածողութիւնէն  եւ սառը դատողութիւնէն  հեռու են եւ  կը մնան ատելութեան ու  մաղձի գերակայության տակ: Բոլորը   կը սպասեն, որ   Թուրքիան  քանդուի եւ նոր չէ այս մօտեցումը: Մինչդեռ հարկաւոր է երեւոյթները դիտել իրողություններու եւ անքննարկելի փաստերու դիտանկիւնէն»:  Ան  որպէս օրինակ   այս խօսքին նշեց. «Ի տարբերութիւն մեր քաղաքական կուսակցութիւններու  եւ մասնագիտական շրջանակներու  կարծիքին, այսօր Թուրքիոյ մէջ  ապրող բազմամիլիոնանոց իսլամացած հայութեան զգալի զանգուածը իր ձայնը տուաւ   ոչ թե քրտամէտ կուսակցութեանը,  այլ Էրտողանի AKP կուսակցութեան: Դարեր շարունակ զանգուածային մահմեդականութեան ենթարկուած հայությունը այսօր տակաւին կ'ապրի  իր հայրենիքին մէջ , եւ թուրք ազգայնականութեան դէմ  կը պաշտպանուի  իր  յոյսը դնելով,  ոչ քրտական եւ ոչ ալ  հայկական գործօններուն  վրայ, այլ իսլամական կրօնքի: Քրտամէտ շրջանակներուն մէջ  ընդգրկուած են միայն աննշան փոքրամասնութիւն ներկայացնող ձախակողմեան գործիչներ, որոնք գիտեն բայց բարձրաձայն չեն խոստովանիր, որ քրտական ազգայնականութիւնը նոյնքան եթե ոչ աւելի վտանգավոր է հայության համար: Աւարտին իր խօսքը եզրակացնելով Արծրունի  ըսաւ. «Յոյսով եմ որ երէկուան  ընտրություններուն  ցնցումը կը բանայ մեր աչքերը,  Թուրքիան ունի բաւարար կամք եւ ներուժ   դէպի Օսմանիմ շարժելու…»