image

Յուսանք, որ այս ծանր վիճակը հալէպահայութիւնը համընդհանուր յուսահատութեան չի տանիր. Շահէ Մինասեան

Յուսանք, որ այս ծանր վիճակը հալէպահայութիւնը համընդհանուր յուսահատութեան չի տանիր. Շահէ Մինասեան

«Պանի Զէտ շրջանի ազատագրումէն ետք յոյսեր ունէինք, որ Հալէպի հայկական թաղամասերը զերծ կը մնան նման ծանր հրթիռարձակումներէ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Հալէպի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի անդամ ՝ Շահէ Մինասեան: Ան նաեւ նշեց, որ այսօր առաւօտ քաղաքին վիճակը ընդհանուր առմամբ հանդարտ է, յիշեցնելով, որ բանակը «Պոսթան փաշա» շրջանին ուղղութեամբ իր կատարած յարձակումով յաջողած է երեւելի յառաջխաղացք գրանցել եւ հասնիլ մինչեւ Վասպուրական ճաշարանի շրջան: Մինասեան, որ նոյնպէս ՍԴՀԿ Հալէպի Վարիչ Մարմնի անդամ է,  ըսաւ, որ բանակին եւ ահաբեկիչ զինեալներուն միջեւ եղած մարտերուն հետեւանքով ծանր վնասներ կրած է Հալէպին ջուր մատակարարող ջուրի կայանը եւ այդ պատճառով Հալէպ յայտնուած է առանց ջուրի: Մեր խօսակիցին կարծիքով,   յառաջիկայ ժամերուն Հալէպի մէջ զինուորական մարտեր չեն սպասուիր: Ան այս առումով ըսաւ. «Ըստ երեւոյթին մարտերը այսօր պիտի չշարունակուին եւ ներկայիս զգուշաւոր լռութիւն մը կը տիրէ Հալէպի հայկական թաղամասերուն շուրջ: Կը կարծեմ նաեւ, որ բանակը նպատակ դրած է իր վերցուցած դիրքերը ամրապնդել եւ զօրացնել»: Հալէպահայ պատասխանատուն նշեց. «Հալէպի հայկական թաղամասերը կը շարունակեն մնալ թիրախ ու չի բացառուիր, որ յառաջիկային ալ յայտնուին կրակի տակ, որովհետեւ ընդդիմադիրներու կրակակէտերը մօտ են հայկական թաղամասերուն եւ ինչպէս գիտէք «Պոսթան Փաշա»ն կը գտնուի մեր թաղամասերուն հարեւանութեամբ»: Շահէ Մինասեան մտահոգութիւն յայտնեց գաղութի ընդհանուր իրավիճակին վերաբերեալ ըսելով.  «Մեր ժողովուրդին վիճակը բաւական ծանր է: Անցնող շաբաթներուն Շտապ օգնութեան մարմինը նախաձեռնած էր նիւթական օժանդակութիւններ կատարել՝ հասնելու համար անոնց կարիքներուն, սակայն այս դէպքերը իրապէս ծանր ազդեցութիւն ունեցան Հալէպի մեր հայրենակիցներուն վրայ»: Հալէապահայ պատասխանատուն չբացառեց, որ այս դէպքերէն ետք Հալէպէն արտագաղթի նոր ալիք մը սկիզբ առնէ: Պատասխանելով Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմնի տարած աշխատանքներուն մասին «Արեւելք»ի հարցումին Մինասեան ըսաւ. «Մեզի համար իրապէս ծանր օրեր են: Շտապ օգնութեան մարմնի անդամները առաւօտեան ժամերէն սկսեալ գործի վրայ էին եւ մեզի բաժին ինկած բոլոր պարտականութիւնները կատարեցինք: Կապ պահուեցաւ բժիշկներու եւ հիւանդանոցներու պատասխանատուներուն հետ եւ այդ առումով մեր կարելին ըրինք հայ վիրաւորներուն տրամադրելով բուժումներ ստանալու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները»:

Խօսելով անցնող օրերուն Հալէպի մէջ վիրաւորուած հայորդիներուն մասին,   Մինասեան ըսաւ. «Վիրաւորեալներուն մեծ մասը իրենց տուները վերադարձան, բացի քանի մը պարագաներէ, որոնք ծանր դրութեան մը մէջ են, անոնք են Արա Արամեանը, որ պայթումներու հետեւանքով կորսնցուցած է իր երկու ոտքերը եւ Յարութ Աւագեանը, որ ստացած է ծանր այրուածքներ: Մենք այս առումով ամէն վայրկեան կը հետեւինք անոնց վիճակին, ու պատրաստ ենք միջամտել ու յաւելեալ կարգադրութիւններ կատարել»:

«Շատ ծանր վիճակի մէջ ենք այսօր եւ մեր ժողովուրդին ընդհանուր տրամադրութիւնները վատ են, բայց ամէն գնով ստիպուած ենք չյուսահատիլ եւ շարունակել մեր կեանքը: Գաղութէն հեռանալու մասին խօսակցութիւնները սկսած են դառնալ յաճախակի, բայց յոյս ունինք, որ մեր հայրենակիցներուն այս իրավիճակը ընդհանուր յուսահատութեան չի վերածուիր»:

Շահէ Մինասեանի կարծիքով վերջին օրերուն պատահած դէպքերը անսպասելի էին եւ այդ մէկը շատ ծանր կ'ազդէ համայնքի անդամներու հոգեբանութեան վրայ:

 

ամքն է, Փոքրերու Արեան Գնով... Սուրիահայութեան կապուածութիւնը իրենց զոյգ հայրենիքներուն՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ հետ։ Կարելի է ըսել նաեւ, թէ Սուրիան հիմնական օճախն է համաշխարհային հայ գաղութներու ծննդեան ու կանգնումին: Սուրիա որքան ճանաններու: