ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ ու առաջին տիկին Մելանիա Թրամբ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալած են Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա 2-րդ ըպն Հուսէյնին ու անոր կնոջ՝ թագուհի Ռանիային: Այս մասին կը հաղորդ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ 2 պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քիմիական յարձակման դէպքն ու իսրայէլա-պաղեստինեան բանակցութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ առաջին տիկինները զբօսնած են Սպիտակ Տան մէջ, այնուհետեւ, այցելած Ուաշինկթընի տեղական նախակրթարան դպրոցներէն մէկը:
Նշենք, որ սա թագաւոր Ապտալլայի երկրորդ հանդիպումն էր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի հետ, վերջինիս նախագահի պաշտօն ստանձնելէն ետք:








