Ըստ Նարեկ Սամսոնեանի, Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքի անդամները կը գտնուին Գանատա։ Սամոսոնեան, որ «Քաղաքացիական գիտակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչն է նաեւ նշած է, որ Փաշինեանի զաւակները կը գտնուին գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի տանը։
Նշենք, որ Սամսոնեան այս մասին գրառում կատարած է դիմատետրի իր էջով եւ տրուած տեղեկութիւնները տարածուած են հայրենի մեծ թիւով կայքերու կողմէ։