Ֆրանսայի նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլլանտ, հինգշաբթի օր, Էլիզէի պալատէն ներս, ընդունած է Մուսուլի եւ Քարաքոշի Ասորի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովհաննէս Պետրոս արք. Մուշին, որուն վստահեցուցած է, թէ Ֆրանսա «որեւէ ճիգ չի խնայէր» իրաքեան այս քաղաքը «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումէն վերագրաւելու եւ քրիստոնեաներու վերադարձը ապահովելու համար:
Էլիզէի հրապարակած զեկոյցին համաձայն, Հոլլանտ շեշտած է քրիստոնեաներու վերադարձի անհրաժեշտութիւնը ամենայն ապահովութեամբ, շարունակելու համար մշակութային եւ հոգեւոր բազմազանութեան մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Մուշի արքեպիսկոպոս, 30 հոկտեմբերին, իրաքեան քրիստոնեայ Քարաքոշ քաղաքը ճիհատականներէն ազատագրումէն ետք (27 ամիս վերջ), առաջին պատարագը մատուցած է անոր կաթողիկոսարանին մէջ:
Ըստ «Ալ Քուտս»-ի տուեալներուն, 2003-ին, նախքան ամերիկեան ուժերու ներխուժումը, Մուսուլի եւ Նինուայի դաշտի քրիստոնեաները մօտ 60 հազար կը հաշուէին, սակայն 2014-ին, անոնցմէ միայն քանի մը հազարը մնացած էր: Իսկ Իրաքի քրիստոնեաներուն թիւը 600 հազարէն նուազած է մինչեւ 350 հազար: