image

Ըստ Էտմոն Մարուքեանի իրենք վաղուան իշխանութիւնն են

Ըստ Էտմոն Մարուքեանի իրենք վաղուան իշխանութիւնն են

ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեան Ֆեյսպուքի ուղիղ եթերով յայտարարած է, որ յաջորդ իշխանութիւնը իրենք պիտի ըլլան:

Մարուքեանը յիշեցուցած է Փաշինեանի՝ ԱԺ-ի մէջ ունեցած  ելոյթի այն հատուածը, ուր վարչապետը պատմած է, թէ այդ հանդիպման ինքը նայած է Մարուքեանի աչքերուն մէջ եւ ըսած, որ երկու տարի կ'ենթարկուի հոգեբանական, բարոյական ճնշումներու․

«Փաշինեանը մեր հանդիպման որեւէ այդպիսի բան չէ ըսած։ Երբ Լաւրովի հատուածն աւարտեցինք, ինծի ըսաւ՝ Էտմոն, ինչո՞ւ այդպէս լարուած, ես ըսի՝ տարրական յարգանքի հարց կայ, մեզ անընդհատ կը մեղադրեն, թէ դուք ծախուած էք եւ այլն։ Ան ըսաւ, թէ ինքը իրօք կասկածներ ունի, որ մենք նախկիններուն հետ կապերու մէջ ենք։ Ես աչքերուն մէջ նայելով՝ ըսած եմ, Նիկոլ ճան, բացառուած է, որ մենք մեր ընտրողներու վստահութիւնը որեւէ մէկու ոտքերուն տակ մատաղ ընենք։ Ու ես ըսի, որ մենք մեզ կը պատկերացնենք յաջորդ իշխանութիւն, մոռցէք, որ մենք որեւէ մէկուն պիտի ծառայենք իշխանութեան բերելու համար։ Այո, մենք մեզ կը տեսնենք յաջորդ իշխանութիւն։ ..Ան անընդհատ կը յայտարարէ՝  չէ՞ք ուզեր մեզի, քշեցէք, թող Խաչատրեան Գագոն ու Սերժ Սարգսեանը գան։ Բայց ո՞վ ըսաւ, որ ձեր միակ այլընտրանքը յանցագործներն են։ Ես կ'ըսեմ՝ ոչ, մենք ենք։ Թերեւս այդ է որ  ծանր տարաւ»։

Մարուքեանի խօսքով՝ ԱԺ ամպիոնէն ելոյթը ոչ թէ  վարչապետական ելոյթ էր, այլ  խայտառակութիւն․

«Այդ իրենց վերջի սկիզբն ազդարարող ելոյթ էր»: