«Ես հրաժարական պիտի չտամ եւ պիտի մնամ իմ դիրքին վրայ»։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան։
«Մենք լիովին համակարգուած ենք զինեալ ուժերուն հետ։ Ես հրաժարական պիտի չտամ եւ պիտի մնամ իմ դիրքին վրայ։ Եթէ հրաժարական տամ, այդ մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարեմ»,- ըսած է Փեզեշքիան։
Անոր յայտարարութիւնները հնչած են բարձրաստիճան հոգեւորական Մոհամմատ-Պաղեր Խարազիի ելոյթէն ետք։
Խարազի նշած է, որ Փեզեշքիան 28 անգամ հրաժարական տալու սպառնալիք հնչեցուցած է, սակայն դադրեցուցած է այդպիսի յայտարարութիւններ ընել այն նախազգուշացումէն ետք, որ իր յաջորդ հրաժարականը պիտի ընդունուի։
Մայիսին «Iran International» պարբերականը հաղորդած էր, որ Փեզեշքիան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Խամենէիի աշխատակազմին՝ նշելով, որ իր կառավարութիւնը դուրս մնացած է կարեւոր որոշումներու կայացման գործընթացէն, մինչ գործերուն նկատմամբ վերահսկողութիւնը իրենց ձեռքը վերցուցած են կոշտ գիծի կողմնակիցները։