Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ Կազայի մէջ կարգաւորման մեխանիզմներու հարցով տարակարծութիւններ ունի Տանըլտ Թրամփի հետ։ Բենիամին Նաթանիահուի խօսքով՝ Կազայի հատուածի վերականգնման անցնելէ առաջ «Համաս»-ը պէտք է ամբողջովին զինաթափուի։
Աւելի վաղ, ամերիկեան կողմի նախաձեռնած Խաղաղութեան խորհուրդը հաստատած էր, որ «Համաս»-ը պաշտօնապէս պարտաւորուած է զինաթափուելու, որմէ ետք Իսրայէլի պաշտպանական բանակը՝ ՑԱՀԱԼ-ը, պիտի հեռանայ Կազայէն։ Իսրայէլէն յայտարարած են, որ ատիկա չի համապատասխաներ հրէական պետութեան շահերուն, եւ ռազմական գործողութիւնները պէտք է շարունակուին, մինչեւ «Համաս»-ը ամբողջովին չէզոքացուի։
Կազայի մէջ չդադրող յարձակումներուն եւ Իսրայէլի դիրքորոշման լոյսին տակ՝ Եգիպտոսը, Թուրքիան եւ Քաթարը միացեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են՝ հրադադարը խախտելուն համար դատապարտելով իսրայէլական կողմը։ Այս երկիրները Իսրայէլին կոչ ուղղած են ապահովելու քաղաքացիական անձերու, բժշկական անձնակազմի եւ մարդասիրական առաքելութիւններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը յորդորած են ճնշում բանեցնելու հրէական պետութեան վրայ։
«Համաս»-ը եւս յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի յարձակումներուն նպատակը միջնորդներուն, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը խոչընդոտելն է։ Պաղեստինեան շարժումը միջնորդներուն կոչ ուղղած է անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու։