image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմադիր զինեալներ քիմիական զէնք գործածած են Հալէպի մօտ

Ընդդիմադիր զինեալներ քիմիական զէնք գործածած են Հալէպի մօտ

Երէկ, 13 Նոյեմբերի երեկոյեան, Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ տեղակայուած զինեալներ քիմիական քլոր նիւթ պարունակող հրասանդերու թիրախ դարձուցած են Հալէպի Ալ Նայրապ շրջանը: Հրթիռակոծման հետեւանքով շարք մը քաղաքացիներ ու զինուորներ վիրաւորուած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ ռուսական «RT» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սուրիական Զինուած Ուժերու հրամանատարութենէն յայտնած են, որ նշուած ահաբեկչական ոտնձգութիւնները հակադարձութիւն են՝ Հալէպի հարաւային եւ արեւմտեան թաղամասերուն մէջ բանակին տարած յաղթանակներուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ շրջափակուած ահաբեկիչները փրկելու փորձերը ձախողութեան մատնուելուն:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը 11 Նոյեմբերին քիմիական զէնքի արգելման կազմակերպութենէն պահանջած էր ամենամօտ առիթով մասնագէտներ ուղարկել՝ Հալէպի թաղամասերուն մէջ քիմիական զէնքերու կիրառման մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար: