Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան երկու պատգամաւորներ՝ Լեզգին Պոթանին եւ Հեզէր Օզթուրքին, կը սպառնայ 5 տարուան ազատազրկում:
Ըստ թրքական «Diken» պարբերականին, դատախազութեան մեղադրական եզրակացութեան մէջ պատգամաւորները կը մեղադրուին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին վիրաւորանք հասցնելու մէջ: Վանի դատարանը վարոյթ ընդունած է դատախազութեան կողմէ պատրաստած մեղադրական եզրակացութիւնը:
Կը նշուի, որ պատգամաւոր Պոթան Էրտողանին վիրաւորած էր 12 հոկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ: Իսկ Օզթուրքը Էրտողանին վիրաւորած էր 28 նոյեմբերին ունեցած իր ելոյթի ժամանակ:
Աղբիւրը չի մանրամասներ, թէ յատկապէս ինչ տեսակի վիրաւորանքի մասին է խօսքը:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ նաեւ, որ այս պահի դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է HDP-ի 12 պատգամաւոր, որոնց շարքին են կուսակցութեան համանախագահներ Սալահէլտին Տէմիրթաշը եւ Ֆիկէն Եուքսէքտաղը: